Երիտասարդութեան համաշխարհային 28րդ օրուայ հաւաքի աւարտին` կայացած Պրազիլի` Րիօ տէ
Ժանէյրօյի մէջ 22 - 28 յուլիս եւ որուն մասնակցեցան աշխարհի չորս ծագերէն երեք միլիոն
երիտասարդներ, որոնց շարքին էին նաեւ 15 հոգիէ բաղկացած Հայաստանէն մեկնած հայ երիտասարդներ,
ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը թուիթերեան իր կայքի վրայ` երախտագիտութեան հետեւեալ
թուիթը հրատարակեց`
Խորապէս շնորհակալ եմ բոլոր անոնց որ աշխատեցան երիտասարդութեան
համաշխարհային 28րդ օրուայ յաջողութեան` եւ կ՛ողջագուրեմ բոլոր մասնակցիները։