2013-07-28 15:57:24

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Քարոզը Երիտասարդութեան Համաշխարհային Օրուայ Եզրափակիչ Պատարագի Արարողութեան Ընթացքին։


''Գացէք Եւ Աշակերտեցէք Բոլոր Ազգերը։''

Կիրակի 28 յուլիսի աառաւօտեան ժամը 10-ին ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Րիոյի Գոբաքապանայի տարածքի վրայ, 3 միլիոն երիստասարդներու մասնակցութեամբ մատուցեց երիտասարդներու համաշխարհային օրուայ եզրափակիչ սուրբ պատարագը։

Սուրբ Զոհի ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ ֆրանչիսկոս Պապը վերյիշեց ՃՄՃ-ին կարգախօսը ''գացէք եւ աշակերտեցէք բոլոր ազգերը ու մեկնելով այս նախադասութենէն ըսաւ` ''Յիսուս, այսօր եւս, ձեզմի ամէն մէկուն կ՛ուղղէ նոյն պատուէրը։ Շատ հաճելի եղաւ երիտասարդութեան համաշխարհային օրուայ մասնակցիլ ու տարբեր վայրերէ ուրիշ երիտասարդներու հետ միասին ապրիլ հաւատքը, սակայն այժմ դուն պիտի մեկնիս փոխանցելու համար այս փորձառութիւնը ուրիշներուն''։
Սրբազան Քահանայապետը ապա կեդրոնացաւ երեք բառերու վրայ ''Գացէք, առանց վախի, ծառայելու։

Այս օրերուն առիթը ունեցաք Յիսուսի հետ հանդիպման փորձառութիւնը ապրելու եւ զգացիք հաւատքի ուրախութիւնը։ Սակայն այս փորձառութիւնը սահմանափակ մնալու չէ, մանաւնդ որովհետեւ Յիսուս չ՛ըսաւ ''եթէ ուզէք կամ եթէ ժամանակ ունիք'' այլ ըսաւ ''Գացէք եւ աշակերտեցէք բոլոր ազգերը։'' Հաւատքի փորձառութիւնը բաժնեկցիլը, հաւատքը վկայելը եւ Աւետարանը հռչակելը հրահանգն է ուղղուած համայն Եկեղեցւոյ ու քեզի։

Մի վախնար - ըսաւ արդ Սրբազան Հայրը - երբ երթանք Քրիստոսը աւետելու, ինքն է որ մեր քայլերը կ՛ուղղէ ու մեզի կ՛ընկերակցի։ Ան իր աշակերտներուն ըսած էր ''Ես ձեր հետն եմ ամէն օր''։ Յիսուս մեզ միայնակ չի թողուր։ Ձեզի կ՛ընկերանայ։ Ան չ՛ըսաւ գնայ, այլ գացէ՛ք, որով Համայն Եկեղեցին կանչուած է այս առաքելութեան։

Քարոզը եզրափակելով Սրբազան Քահանայապետը ըսաւ ''թոյլ տալ որ ձեր կեանքը նմանի Յիսուսի կեանքին կը նշանակէ ապրիլ անոր զգացոմները, ունենալ անոր մտածումները եւ գործել Անոր նման։ Եւ Յիսուսի կեանքը ուրիշներու նուիրուած կեանք մըն է։ Ծառայութեան կեանք մը։ Յիսուսը հռչակելու համար Սուրբ Պօղոս դարձաւ ''բոլորին ծառայ''։
Աւետարանել կը նշանակէ անձնապէս վկայել Աստուծոյ սէրը, գերազանցել անձնասիրութեան զգացումները եւ ծառայել ծունկի գալով ու լուալով մեր եղբայրներուն ոտքերը այնպէս ինչպէս ըրած էր մեր Տէրը Յիսուս։
Երեք բառեր ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ''Գացէք, առանց վախի, ծառայելու''։
Քրիստոս ձեցի կը վստահի։ Եկեղեցին ձեզի կը վստահի։ Քահանայապետը ձեզի կը վստահի։ Թող Մարիամ` Յիսուսի ու մեր Մայրը ընկերանայ ձեզի իր գորովով ''Գացէք եւ աշակերտեցէք բոլոր ազգերը։ Ամէն








All the contents on this site are copyrighted ©.