2013-07-28 11:14:36

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի 27 Յուլիսի Թութերը։


Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Պրազիլ կատարած առաքելական ճամբորդութեան առթիւ ''երիտասարդութեան համաշխարհային օրուայ'' ծիրէն ներս, շաբաթ 27 յուլիսի երեկոյեան, հանդիպում ունեցաւ Պրազիլի եպիսկոպոսներուն հետ ու անոնց ուղղեց երկարաշունչ ճառ մը։ Հանդիպման աւարտին Սրբազան Հայրը թուիթերեան կայքի վրայ հրատարակեց հետեւեալ թուիթերը`

Եպիսկոպոսները Աստուծոյ ժողորվուրդին Հովիւներն են։ Վստահութեամբ եւ քաջութեամբ հետեւինք անոնց։

Չենք կրնար փակուած մնալ ժողովրդապետութեան եւ մեր հասարակութիւններէն ներս երբ բազմաթիւ մարդիկ սպասումի մէջ են Աւետարանը ունկնդրելու։

Իսկ շաբաթ երեկոյեան Սրբազան Հայրը 2 միլիոն երիտասարդնրու հետ միասին հանդիսապետեց ''ճմճ''ի երեկոյան աղօթքի հսկումին ու այս առթիւ թուիթերեան կայքք վրայ հրատարակեց հետեւեալ թուիթը`

Սիրելի երիտասարդներ սորվեցէք աղօթել ամէն օր։ Այս է ճամբան Յիսուսը ճանչնալու եւ զայն մեր կեանքէն ներս ընդունելու








All the contents on this site are copyrighted ©.