2013-07-27 09:48:23

''ֆրանչիսկոսի Հրաշքը'' Կը Գրէ Պրազիլի Մամուլը։


Միջազգային մամուլը շարունակեց լայնօրէն անդրադառնալ ֆրանչիսկոս Քահանայապետին գործունէութեան մասին, մասնաւորապէս շեշտելով ''Հրեշտակ Տեառն'' մարեմեան աղօթքին ու ''ճանապարհ Խաչ''ի աւարտին արտասանած խօսքերուն վրայ։

''Հրեշտակ Տեառն'' մարեմեան աղօթքին մասին մամուլը մատնանշեց Սրբազան Հօր ընդգծումը` սերունդներու միջեւ յարաբերութեան` ընտանիք, ծեր ու երկխօսութիւն։

''ճանապարհ Խաչ''ի արարողութեան ներկայացումը դրական ընդունելութիւն գտաւ եւ տեղական մամուլը գրեց ''ֆրանչիսկոսի հրաշքի եւ Քահանայապետի ու ամբոխին միջեւ կապի մասին։ Սրբազան հայրը կարողացաւ գրաւել Լատինամերիկայի ցամաքամասին սիրտը։ Անոր ուժականութիւնը անսպառ է, միշտ պատրաստ ողջագուրելու մանուկները, ծերերը, հիւանդները։Անոր խօսելու եղանակը հաղորդական ու համոզիչ է ու անոր խօսքերը սուրի նման են ։

Վատիկանի բանբերը` յիսուսեան հայր Լոմպարտին մամուլին հետ ունեցած ելոյթով խօսեցաւ ի մէջ այլոց Սրբազան Հօր անսպառ եռանդի եւ երիտասարդներու հանդէպ ցուցաբերած նուիրումի մասին։ Հայր Լոմպարտին անդրադրձաւ ֆրանչիսկոս Պապի բանտարկեալներուն հետ ունեցած հանդիպման ըսելով ` ''Ինչպէս գիտենք Քահանապետը միշտ մտերմական կապ ունեցած է անոնց հետ։ Անցեալ Աւագ հինգշաբթի օրը ոտնլուայի արարողութիւնը ուզած է կատարել անչափահասներու բանտին մէջ։Սրբազան Քահանայապետը միչեւ օրըս կապ կը պահէ Պուէնոս Այրէսի բանտերու մէջ կալանաւոր երիտասարդներու հետ։ ''








All the contents on this site are copyrighted ©.