2013-07-27 09:20:58

ՃՄՃ-ի Ճանապարհ Խաչի Արարողութիւնը։ ''Դուն Որո՞ւ կ՛ուզես նամանիլ։ Պիղատոս՞ին։ Կիւրենացի՞ին եւ կամ Մարիամին։''


Ուրբաթ 26 յուլիսի երեկոյեան` երիտասարադութեան համաշխարհային օրուայ առթիւ, գոբաքապանայի տարածքի վրայ տեղի ունեցաւ` ֆրանչիսկոս Քահանայապետի ներկայութեամբ, ճանապարհ խաչի-ի արարողութիւնը, որուն ըստ տուեալներուն մասնակցեցան մէկ ու կէս միլիոն երիտասարդներ ։

Այս առթիւ ուղղած իր քարոզին մէջ Սրբազան Քահանայապետը ըսաւ`

Հոս համախմբուած ենք Յիսուսին ուղեկցելու չարչարանքի եւ սիրոյ ճանապարհի վրայ` Խաչի ճանապարհը որ երիտասարդութեան համաշխարհային օրուայ կարեւոր եւ զօրեղ պահերէն մին է։

Ապաշխարութեան Սուրբ Տարւոյն աւարտին երջանկայիշատակ ՅՊԲ քահանայապետը ձեզի յանձնելով խաչը ըսած էր ''զայն տարէք որպէս մարդկութեան հանդէպ Յիսուսի սիրոյ նշանը եւ ամէնուրէք հռչակեցէք թէ միայն մեռած եւ Յարուցեալ Քրիստոսի մէջ կը գտնուի փրկութիւնն ու քաւութիւնը։

Այդ օրէն սկսեալ (1984) Խաչը, շրջեցաւ ամէն ցամաքամասերու մէջ եւ անցաւ մարդկային էութեան զանազան հանգրուաններէն։ Ոչ մէկը կարող է Յիսուսի Խաչին դպչիլ առանց ազդուելու անկէ եւ առանց որ իր կեանքէն ներս Յիսուսի Խաչէն մասնիկ մը ունենալու - ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ու ապա երիտասարդներուն ուղղեց երեք հարցումներ.

Ա. Պրազիլի երիտասարդներ` ի՞նչ թողուցիք դուք Խաչին վրայ այս երկու տարուայ ընթացքին երբ Խաչը շրջեցաւ ձեր երկրին մէջ։
Բ. Ի՞նչ հետք թողուց Յիսուսի Խաչը ձեզմէ ամէն մէկուն մէջ։
Գ. Ի՞նչ կը սորվեցնէ մեզի այս Խաչը։

Առաջին հարցումին անդրադառնալով Սրբազան Քահանայապետը վերյիշեց Հռոմի Եկեղեցւոյ աւանդական պատմութիւն մը. Երբ Պետրոս առաքեալ քաղաքէն դուրս կ՛ելլէր փախչելու համար Նէրոն կայսեր հալածանքներէն կը հանդիպի Յիսուսին որ հակառակ ուղղութեամբ դէպի քաղաք կ՛ընթանար։ Անոր հարց կու տայ ''Տէր ու՞ր կ՛երթաս''։ Յիսուս կը պատասխանէ '' Կ՛երթամ Հռոմ դարձեալ խաչուելու համար''։ Պետրոս կը հասկնայ որ պէտք էր քաջութեամբ հետեւիլ Յիսուսին ու կը հասկնայ մանաւանդ թէ ինք միայնակ չէ, Յիսուսը զայն սիրած էր մինչեւ խաչի զոհաբերումը։

Յիսոուսի Խաչին մէջ կայ տառապանքը, նա մանաւանդ անմեղներու եւ անպաշտպան անհատներու ցաւը, ընտանիքներունը որ դժուարութեան մէջ կ՛ապրին, որ իրենց զաւակներու մահը կ՛ողբան եւ կամ կը տառապին զանոնք տեսնելով գերի թմրամոլութեան ։ Խաչով Յիսուս մեզ կը միացնէ բոլոր այն անձերուն որ անօթութենէ կը տառապին, աշխարհի մը մէջ որ օրական ''թոներով'' կերակուր կը մսխէ։ Խաչով կը միանանք անոնց որ իրենց կրօնի, գաղափարի կամ մորթի գոյնի պատճառաւ հալածուած են։ Յիսուս մեզ կը միացնէ այն բազմաթիւ երիտասարդներուն որ իրենց վստահութիւնը կորսնցուցած են քաղաքական պատասխանատուներու նկատմամբ որովհետեւ ականատես են անձնասիրութեան եւ կաշակեռութեան եւ կորսնցուցած են իրենց հաւատքը Եկեղեցւոյ եւ նոյնիսկ Աստուծոյ հանդէպ, քրիստոնեաներու եւ Աւետարանի քարոզիչներուն անհետեւողականութեան պատճառաւ։ Յիսուս իր բազկատարած ձեռքերուն մէջ կ՛ընգրկէ ամէն ինչ եւ իր ուսերու վրայ կ՛առնէ մեր խաչերը ու մեզի կ՛ըսէ ''քաջութիւն` միայնակ չես։ Ես հետդ կը շալկեմ խաչըդ եւ ես յաղթեցի մահը ու եկայ քեզի տալու յոյսը` քեզի տալու կեանք։

Երկրոդ հարցումին պատասխանելով Սրբազան Հայրը կ՛ըսէ Յիսուսի Խաչը մեզմէ ամէն մէկուն մէջ կը թողու ''Աստուծոյ անխախտ սէրը մեզի հանդէպ...սէր մը անսահման որ մեզի կ՛ուղեկցի, մեր ցաւերուն մէջ կը մտնէ եւ մեզի ույժ կը պարգեւէ, մեր մահուան մաս կը կազմէ որպէսզի յաղթէ զայն ու մեզ փրկէ։ Ան մեզի կու տայ յոյս ու կեանք։ Խաչը որ ատելութեան, մահու եւ պարտութեան նշան էր դարձաւ սիրոյ յաղթանակի եւ կեանքի նշան։ Մեր կեանքին մէջ չկայ փոքր կամ մեծ Խաչ որ Տէրը մեր հետ չի բաժնեկցիր։
Երրորդ հարցումին անդրադառնալով ֆրանչիսկոս Պապը կը հաստատէ թէ ''Քրիստոս մեզ կը հրաւիրէ վարակուելու անոր սէրէն ու սիրով եւ ողորմութեամբ նայելու ուրիշներուն, մանաւանդ տառապանքի մէջ ապրողներուն։ Մենք եւս կրնանք ըլլալ Պիղատոսի նման որ քաջութիւն չունի հակահոսանք ընթանալու եւ մահէն ազատելու Յիսուսը, ու ձեռքերը կը լուայ։ Յիսուսի Խաչը մեզի կը սորվեցնէ ըլլալ Կիւրենացիի նման որ կ՛օգնէ Յիսուսին ծանր փայտը շալկելու, ըլլալու Մարիամի եւ միւս կիներու նման որ անվախ հետեւացան Յիսուսին մինչեւ վերջ, սիրով եւ գորովով։
Ֆրանչիսկոս Պապը ապա խօսքը եզրափակեց ամէն մէկ երիտասարդի հարց տալով ''եւ Դուն ի՞նչպէս կ՛ուզես նմանիլ։ Պիղատոս՞ին։ Կիւրենացի՞ին եւ կամ Մարիամին։








All the contents on this site are copyrighted ©.