2013-07-27 11:14:32

Եւրոպական Միութիւնը Կ՛ողջունէ Հայաստանի Հետ Բանակցութիւններու Աւարտը


Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ ապահովութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ Քեթրին Էշթըն եւ դրացնութեան եւ ընդարձակման հարցերով յանձնակատար Շթեֆան Ֆիւլէ միացեալ յայտարարութեամբ մը ողջունեցին Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան բանակցային հոլովոյթին բարեյաջող աւարտը:
«Մենք ուրախ ենք հաստատելու Հայաստանի հետ Ընկերակցութեան համաձայնագիրի բովանդակային մասի, ներառեալ` Խոր եւ համապարփակ ազատ առեւտուրի գօտիի շուրջ բանակցութիւններուն աւարտը: Ասիկա շատ դրական զարգացում է եւ մենք անհամբեր կը սպասենք 29 նոյեմբերին Ընկերակցութեան այս համաձայնագիրի նախաստորագրման` Վիլնիուսի մէջ տեղի ունենալիք Արեւելեան գործընկերութեան վեհաժողովին եւ հետագային վերջնական ստորագրման, երբ բոլոր թեքնիք ընթացակարգային հարցերը լուծուած ըլլան», կ՛ըսուի Ֆիւլէի եւ Էշթընի միացեալ յայտարարութեան մէջ:
Եւրոպական Միութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաները կը նշեն նաեւ, որ 2010-էն սկսեալ այս բանակցութիւններուն աւարտը մեծ յառաջընթաց է թէ՛ Եւրոպական Միութեան, թէ՛ Հայաստանի համար: Ընկերակցութեան համաձայնագիրը թոյլ պիտի տայ Եւրոպական Միութեան եւ Հայաստանին միասին յառաջանալու համապարփակ եւ արդիականացման եւ բարեփոխումներու ուղղութեամբ` կիսելով ընդհանուր արժէքներ, քաղաքական ընկերակցութիւն եւ տնտեսական համարկում:
«Համաձայնագիրը ուղղակիօրէն իր դրական ազդեցութիւնը պիտի ունենայ ամէնօրեայ կեանքին վրայ` աւելի մօտեցնելով Հայաստանը եւ հայաստանցիները Եւրոպական Միութեան: Թոյլ տուէք յայտնելու մեր բարձր գնահատականը երկու կողմերու բանակցողներուն, որոնք հասան այս գերազանց արդիւնքին», յայտնեցին երկու բարձրաստիճան պաշտօնեաները:








All the contents on this site are copyrighted ©.