2013-07-26 09:26:40

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Խօսքը Մարկինիոսի Վարժինիայի Հասարակութեան։


Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, երիտասարդներու համաշխարհային օրուայ առթիւ Պրազիլ կատարած հովուական այցելութեան ծիրէն ներս, հինգշաբթի 25 յուլիսի առաւօտեան այցելեց Մարկինիոսի Վարժինիայ ֆավէլայի հասարակութիւնը ու անոնց արտասանած իր ճառին սկիզբը նշեց թէ Պրազիլ կատարած ճամբորդութեան ընթացքին իր իղձն էր այցելել Պրազիլի բոլոր շրջանները, բախել ամէն մէկ դուռ եւ Բարի լոյս ըսել տնեցիներուն ու ապա գաւաթ մը պաղ ջուր խնդրել, “cafezinho” - (սուրճ) մը խմել եւ խօսիլ տան բարեկամներուն հետ եւ ունկնդրել ամէն մէկուն սրտի խօսքերը, ծնողներունը, զաւակներունը եւ մեծ հայր ու մեծ մայրիկներունը։
Ձեր հասարակութիւնը այսօր կը ներկայացնէ Պրազիլի բոլոր թաղամասերը։ Ընդունուած կը զգամ ինքզինքս ձեր մէջ։ Կարեւոր է ''ընդունիլ'' գիտնալ։ Երբ առատաձեռն ենք անձի մը նկատմամբ. անոր հետ կը կիսենք ուտելիք կամ տան մէջ անկիւն մը ու նաեւ մեր ժամանակը - ոչ միայն այլեւս աղքատ չենք, այլ կը հարստանանք. Ահա այս է այն ինչ որ դուք կ՛ընէք սիրով, ցոյց տալով թէ իսկական հարստութիւնը իրերու մէջ չէ այլ սրտին մէջ է։

Նորին Սրբութիւը մատնանշեց Պրաիզիլի ժողովուրդի զօրակցութեան որպէս օրինակ ու դաս աշխարհին համար։ Երեբեք մի վհատիք աշխատելու աւելի արդար ու զօրակից աշխարհի մը համար - ըսաւ Ան ու աւելցուց - ամէն մէկը իր կարողութիւններուն համաձայն թող իր նպաստը տայ վերջ դնելու համար ընկերային անարդարութեան։ Սրբազան Հայրը այս առընչութեամբ քաջալերեց Պրազիլի ընկերութեան ջանքերը` ''միացնելու իր մարմնի ամէն մասերը, նոյնիսկ ամէնէն տառապողներն ու չքաւորները, անօթութեան եւ աղքատութեան դէմ պայքար մղելով''։
Միայն երբ կարող ենք ''կիսել'' կը հարստանանք եւ ինչ որ ուրիշներու հետ կը բաբնեկցինք կը բազմապատկուի - յարեց ֆրանչիսկոս Պապը ընգծելով թէ ''ընկերութեան մը մեծութիւնը ի յայտ կու գայ չքաւորին հանդէպ անոր ցուցաբերած կեցուածքէն։

Սրբազան Քահանայապետը մատնանշեց ապա թէ Եկեղեցին կ՛ուզէ համագործակցիլ ամէն մէկ ծրագիրի որ կ՛երաշխաւորէ ամէն մէկ անհատի զարգացումը։ Չկայ իսկական զարգացում եթէ նկատի չ՛առնուին Ազգի մը հիմնական սիւները` Կեանքը որ Աստուծմէ տրուած պարգեւ մըն է. Ընտանիքը որ համակեցութեան հիմք է եւ ընկերութեան բլուզումի դէմ դարման. Ամբողջական կրթութիւնը որ պարզ տեղեկութիւններու փոխանցում մը չէ լոկ. Առողջութիւնը որ պէտք է մարդ էակի ամբողջական լաւութիւնը փնտռէ, նոյնիսկ հոգեւոր իր ծաւալով, եւ ի վերջոյ Աապահոութիւնը այն համոզումով թէ բռնութիւնը կարելի է յաղթահարել սկսելով մարդու սրտի փոփոխութենէն։

Սրբազան Հայրը հուսկ խօսքը ուղղակիօրէն ուղղեց երիտասարդներուն ըսելով ''դուք յատուկ զգայնութիւն ունինք անարդարութեան հանդէպ, յաճախ սակայն յուսախափ կը մնաք կաշառակերութեան իրողութիւններէն, այն անձերէն որ փոխանակ հասարակաց բարիքը փնտռելու իրենց անձնական շահերը կը փնտռեն։

Մի յուսալքուիք, մի կորսնցնէք վստահութիւնը եւ մի թողուք որ յոյսը մարի։ Իրականութիւնը կրնայ փոխուիլ, մարդը կրնայ փոխուիլ։ Դուք առաջինները եղէք որ Բարին կը տարածեն, մի ընդունիք չարը այլ զայն յաղթահարեցէք։ Միայնակ չէք։ Եկեղեցին ձեր հետն է։ Քահանայապետը ձեր կողքին է։

Սրբազան Հայրը խօսքը եզրափակելով հայցեց Աբարեսիտայի Տիրամօր բարեխօսութիւնը որ է բոլոր Պրազիլի աղքատներուն Մայրը։








All the contents on this site are copyrighted ©.