2013-07-26 09:46:25

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Րիոյի Մէջ 5րդ Օր


Ուրբաթ 26 յուլիսի առաւօտեան ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Րիoյի ''Քուինդա Տի Պոավիսդա'' տարածքի վրայ խոստովանանքի խորհուրդը կը մատակարարէ մի քանի երիտասարդներուն։ Ժամը 10,30-ին Սրբազան Հայրը կը փոխադրուի Րիոյի Առաջնորդարանը ''Սաօ Ժոաքիմ'' պալատ։ Առաջնորդարանը կառուցուած է 1918 թուականին եւ եղած է Րիօ Տէ Ժանէյրօյի առաջին Կարտինալի նստավայրը։ Առաջնորդարանի մէկ սրահին մէջ Սրբազան Քահանայապետը կը հանդիպի հինգ երիտասարդ բանտարկեալներու հետ որմէ ետք Առաջնորդարանի մատրան մէջ պահ կը կ՛ամփոփուի եւ յատուկ հանդիպում կ՛ունենայ առաջնորդարանի մէջ ծառայող մայրապետներուն հետ։
Ժամը 12-ին (հռոմի ժամով 17-ին) Րիոյի առաջնորդարանի կեդրոնական պատշգամէն Սրբազան Հայրը կ՛ արտասանէ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը ու ապա հանդիպում կ՛ունենայ Երիտասարդութեան համաշխարհային օրուայ կազմակերպիչ կոմիտէի անդամներուն եւ բարերարներուն հետ։ Կէսօրին` միշտ առաջնորդարանի մէջ, Սրբազան Հայրը եղբայրական ակաբը կը բաժնեկցի ճմճ-ի 12 երիտասարդներու հետ, ամէն մէկ ցամաքամասէ զոյգ մը երիտասարդներ եւ զոյգ մըն ալ Պրազիլէն։
Սիրոյ ճաշէն ետք Սրբազան Քահանայապետը կը տեղափոխուի Սումարէի բնակարան ուրտեղէն յետմիջօրէի ժամը 17-ին (հռոմի ժամով 22-ին) կը մեկնի դէպի Գոբագապանայ ուր երեկոյեան կը գլխաւորէ երիտասարդութեան համաշխարհային օրուայ առթիւ կազմակերպուած աւանդական ''ճանապարհ խաչի''ի արարողութիւնը որուն ընթացքին նաեւ ճառ մը կ՛ուղղէ երիտասարդներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.