2013-07-26 17:31:51

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան Աղօթքը Արտասանեց Րիոյի Առաջնորդարանէն։


''Մեծ Հայրերը Եւ Մեծ Մայրերը Երիտասարդներու Հետ Միասին Թող Կերտեն Ապագան''

Գոհութիւն կը մատուցանեմ Աստուածային նախախնամութեան որ իմ քայլերը առաջնորդեց դէպի Ռիօ քաղաքը։ Պիտի ուզենայի իմ այս անցքը բարեպատեհ առիթ մը հանդիսանայ վերանորոգելու մեր սէրը հանդէպ Քրիստոսի եւ Եկեղեցւոյ եւ ուրախութեամաբ յարելու Յիսուսի եւ պատկանելու Եկեղեցւոյ ինչպէս նաեւ յանձնառումով ապրելու ու վկայելու հաւատքը - ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապը Րիոյի առաջնորդարանի կեդրոնական պատշգամէն արտասանած ''Հրեշտակ Տեառն'' մարեմեան աղօթքի ընթացքին։ Ան ապա բազատրեց աղօթքի իմաստը ըսելով` ''Հրեշտակ Տեառն'' մարեմեան աղօթքը հաւատքի ժողովրդական գեղեցիկ արտայայտութիւն մըն է։ Պարզ աղօթք մըն է որ օրական երեք անգամ կ'արտասանուի` առաւօտեան, կէսօրին եւ երեկոյեան։
Կը հրաւիրեմ ամէնքը ''Ողջոյն քեզ Մարիամ'' աղօթքը արտասանելու, քանի անիկայ կը ցոլացնէ լուսաւոր մէկ դէպք մը որ բարեփոխեց պատմութիւնը` Յիսուս նազովրեցիի, Աստուծոյ Որդւոյն մարդեղութեան դէպքը։
Այսօր, եկեղեցին կը յիշատակէ Ս. Կոյս Մարիամի ծնողներուն` Յովակիմի ու Աննայի տօնը։ Անոնց տան մէջ ծնաւ Մարիամ, որ հետը բերաւ Անարատ Յղութեան արտակարգ խորհուրդը։ Այդ տան մէջ Մարիամ աճեցաւ սիրով ու հաւատքով, սորվեցաւ անսալ Տիրոջ խօսքին ու հպատակիլ Անոր կամքին։
Յովակիմ եւ Աննա սուրբերը մաս կը կազմեն այն շղթային որ գիտցաւ հաղորդել սէրը հանդէպ Աստուծոյ, տան ջերմութիւնը` սէրն ու գորովը, մինչեւ Մարիամ որ իր արգանդին մէջ ընդունեց Աստուծոյ Որդին ու զայն աշխարհին տուաւ։
Այսօր Պրազիլի եւ աշխարհի զանազան երկիրներուն մէջ կը տօնուի մեծ հայրերու եւ մայրերու տօնը։ Անոնք ո՜րքան կարեւոր են ընտանիքի կեանքին մէջ։ Աբարեսիտայի վաւերաթուղթը մեզի կը յիշեցնէ, որ մանուկները եւ ծերերը կը կերտեն ժողովուրդներու ապագան, որովհետեւ մանուկները յառաջ կը տանին պատմութիւնը եւ ծերերը կը փոխանցեն իրենց կեանքին իմաստութիւնն ու փորձառութիւնը։ Այս կապը, այս երկխօսութիւնը սերունդներու միջեւ գանձ մըն է որ պէտք է պահպանել ու սնուցանել։
Երիտասարդութեան համաշխարհային այս օրուան առթիւ երիտասարդները կ'ուզեն ողջունել մեծ հայրերն ու մեծ մայրերը։ Երախտագիտութեամբ, սիրով ու գորովով կ'ողջունեն զանոնք իրենց տուած յարատեւ վկայութեան ու իմաստութեան համար։ Եւ այժմ այս հրապարակի վրայ ու տուներու մէջ մեզի հետ աղօթողներուն հետ միասին, որպէս մէկ մեծ ընտանիք մեր պաղատանքը բարձրացնենք Տիրամօր որպէսզի պահպանէ մեր ընտանիքները, ու դարձնէ զանոնք հաւատքի ու սիրոյ օճախներ, ուր կը զգացուի Յիսուսի ներկայութիւնը







All the contents on this site are copyrighted ©.