2013-07-26 18:50:45

Րիօ ՃՄՃ 2013- Տեղատարափ Անձրեւի Պատճառաւ Հսկումի Աղօթքի Եւ Եզրափակիչ Պատարագի Վայրը Փոխուած է։


Մամլոյ հետ ունեցած ասուլիսի ընթացքին, Վատիկանի բանբեր հայր ֆետերիքօ Լոմպարտին խօսելով ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի առաքելական ճամբորդութեան զանազան հանգրուաններու մասին, 25 յուլիսի երեկոյեան յայտարարած է թէ Րիոյի քաղաքապետարանի եւ ՃՄՃ-ի կազմակերպիչներու որոշումով, շաբաթ 27 յուլիսին նախատեսուած աղօթքի հսկումն ու Սուրբ Հաղորդութեան պաշտամունքը ինչպէս նաեւ կիրակի 28 յուլիսի ճմճ-ի եզրափակիչ Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը, տեղատարափ անձրեւի պատճառաւ, տեղի պիտի ունենան գոբաքապանայի ծովափի տարածքին վրայ եւ ոչ թէ ինչպէա նախապէս որոշուած էր եւ կազմակերպուած Կուրադիպայի ''Գամբուս ֆիտէյ'' տարածքի վրայ։
Ստիպողական այս որոշումը հետեւանքն է վերջին տասը օրերու ընթացքին իջած տեղատարափ անձրեւներուն որոնք անցանելի դարձուցին Կուրադիպայի ''Գամբուս ֆիտէյ'' տարածքը որ ցեխերու մէջ ընկղմած է։

Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտին խօսելով ապա ֆրանչիսկոս Պապի այցելութեան մասին Վարժինիայի ֆավէլային մատնանշած է Քահանայապետի յուզմունքին երբ այցելեց փոքրիկ եկեղեցին ու երբ աւելի ուշ այցելեց ''ֆավէլայի'' մէջ ապրող 20 հոգիէ բաղկացած ընտանիք մը անոնց հետ ունենալով հակիրճ զրոյց մը։

Ապա խօսելով ֆրանչիսկոս Պապի ցուցաբերած կորովի մասին Հայր Լոմպարտին ըսաւ ''Անոր նայելով այն համոզումը ունիմ թէ անսպառ կորով ունի։ Հանգիստի յատկացուած պահերու ընթացքին փոխանակ հանդիստի կը ջանայ միշտ գործ մը ընել։ Այս մէկը ընդունինք որպէս Աստուծոյ շնորհք մը''։








All the contents on this site are copyrighted ©.