2013-07-26 12:20:29

Հաւատքը Եւ Ապաշխարութիւնը


Մատթէոս Աւետարանիչ կը պատմէ, թէ «երբ Յիսուս Քրիստոս Երուսաղէմ մտաւ բոլոր քաղաքը դղրդեցաւ, տակնուվրայ եղաւ» (մատթ. 21. 10) : Ինչ որ պատահեցաւ Երուսաղէմի մէջ, ամէն օր կը պատահի նաեւ քրիստոնէութեան մէջ: Հազիւ թէ Յիսուս Քրիստոս կը ներկայանայ մեր մէջը, մեղաւորները բժշկելու եւ դարձի բերելու համար, վախ մը կը ծագի անոնց հոգւոյն մէջ. անոնք կը վրդովին իբր թէ Տէրն մեր գար զիրենք դատապարտելու համար: Մեր Տէրը կու գայ ոչ իբրեւ դատապարտիչ, այլ իբրեւ Փրկիչ, իբրեւ բժիշկ: Յիսուս Քրիստոս կու գայ մեր հոգւոց հիւանդութիւնները բժշկելու, իր քահանաներու եւ պաշտօնեաներու միջոցաւ, եւ ապաշխարութեան խորհուրդին ձեռքով մեզ մեղքէն ազատելու: Բայց մեղաւորներս կը վհատինք, կը խրտջինք, վախի կ՛ենթարկուինք եւ, չենք ուզեր խոստովանանքի մօտենալ: Մենք` մեղաւորներս հիւանդներ ենք. միթէ հիւանդները չե՞ն ուզեր փրկուիլ: Տեսէ՛ք, երբ Յիսուս կ՛անցնէր, հիւանդները անոր անցնելիք ճամբուն վրայ կեցած, կը պոռային, կ՛աղաղակէին, ըսելով. «Յիսուս, Դաւթի որդի, ողորմէ՛ մեզի»: Կոյրերը կ՛աղաղակէին. «Կ՛աղաչենք, բա՛ց մեր աչքերը որ տեսնենք». - կաղերը` «Շտկէ՛ մեր սրունքները որ քալենք» - բորոտները կ՛աղաղակէին. «Եթէ ուզես կրնաս զմեզ սրբել եւ մաքրել...» եւ, Յիսուս կը բժշկէր զանոնք:
Երիտասարդները, հրաւիրուած են իրենց քահանաները նկատելու իբրեւ ներկայացուցիչներ, պաշտօնեաներ Յիսուսի Քրիստոսի: Մօտէն քննելու թէ անոնք ի՞նչ են եւ ի՞նչ դեր խաղալու են եկեղեցւոյ մէջ:
Արդարեւ, քահանաները նախ խոստովանահայրեր են, դատաւորներ են, բայց միեւնոյն ատեն հայրեր են, այս պատճառով է որ «խոստովանահայրեր» կը կոչուին: Ի՞նչ կ՛ընեն դատաւորները. - դատաւորները երկու բան կ՛ընեն. կ՛արձակեն կամ կը դատապարտեն»: Քահանաներն ալ խոստովանատան մէջ նոյնը կ՛ընեն. կ՛արձակեն մեղաւորները որ լաւ տրամադրութեամբ կը ներկայանան, եւ կը դատապարտեն, այսինքն առանց արձակման կը ղրկեն, զանոնք որոնք գէշ տրամադրութեամբ կը մօտենան ապաշխարութեան:
Մարդկային ատեաններուն մէջ դատավարութիւնը տեղի կ՛ունենայ հրապարակաւ, մարդոց առջեւ: Նախաքննիչ դատաւորը ամբաստանեալը եւ վկաները հարցաքննելէ ետք կը պատրաստէ դատավարութեան թուղթերը, որոնց մէջ նշանակուած է ամէն ինչ ապացոյցներով, վկաներուն անուններով. եւ ամէնը կը յանձնէ դատաւորին: Ասիկա` ամբաստանեալը եւ վկաները պաշտօնապէս իր ատեանին առջեւ կը կանչէ եւ հրապարակաւ կը հարցաքննէ... վկաներուն վկայութիւնը առնելէ ետք, կամ ազատ կ՛արձակէ ամբաստանեալը կամ կը դատապարտէ զայն, կամ բանտարկութեան կամ տուգանքի...:
Հոգեւոր ատեանին մէջ գործերը այսպէս տեղի չեն ունենար: Մեղաւորը եւ քահանան առանձին են. մեղաւորը կը մօտենայ խոստովանատան: Քահանան նստած է. մեղաւորը ծունկի եկած անոր առջեւ ինքզինքը կ՛ամբաստանէ, կ՛ըսէ իր յանցանքները, եւ կը զղջայ անոնց վրայ, քահանային կը խոստանայ թէ այլեւս պիտի չգործէ զանոնք եւ իր բարքն ու վարքը պիտի շտկէ... քահանան , ստուգելով անոր բարի տրամադրութիւնը, անոր կու տայ ապաշխարանք մը, ներում կը շնորհէ անոր մեղքերուն եւ, քանի մը խրատներ տալէ ետք ազատ կ՛արձակէ զինք:
Այս է իսկական հաւատքը` խոստովանութիւն իր մեղքերուն: Խոստովանիլ մեղքերը կը նշանակէ զղջալ գործած մեղքերուն վրայ եւ առաջադրել ասկէ ետք խուսափիլ բոլոր մեղքի առիթներէն եւ ապրիլ Աստուծոյ շնորհքի վիճակին մէջ:







All the contents on this site are copyrighted ©.