2013-07-26 10:12:51

''Ընկերութեան Մը Մեծութիւնը Ի Յայտ Կու Գայ Կարիքաւորի Հանդէպ Ունեցած Վերաբերմունքէն'' Կը Գրէ Ֆրանչիսկոս Պապը Իր Թուիթ-ին Մէջ։


Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Պրազիլ կատարած առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս 25 յուլիսին այցելեց Րիոյի Մարկինիոսի Վարժինիայ ''ֆավէլան'', այս առթիւ իր թուիթերեան կայքի վրայ Նորին Սրբութիւնը հրատարակեց հետեւեալ թուիթը.

Քրիստոնէական կեանքը չի բաւականանար աղօթքով, այլ կը պահանջէ շարունակական եւ յանդուգն յանձնառում մը որ կը բխի աղօթքէն։

Ան ապա 25 յուլիսի գիշերուան ընթացքին հրատարակեց հետեւեալ թուիթը`

Ընկերութեան մը մեծութիւնը ի յայտ կու գայ կարիքաւորի հանդէպ ունեցած վերաբերմունքէն` ան որ ուրիշ բան չ՛ունի եթէ ոչ իր աղքատութիւնը։

Իսկ առաւօտեան օրհնելէ ետք 2016-ի Ողիմպիական Խաղերու պաշտօնական դրօշները հրատարակեց հետեւեալ թուիթը`

Մարզանքը թող ըլլայ փոխանակումի եւ աճումի միջոց. եւ ոչ թէ ատելութեան ու բռնութեան գործիք։








All the contents on this site are copyrighted ©.