2013-07-25 10:14:07

ֆրանչիսկոս Քահանայապետին Առաքելական Ճամբորդութիւնը Պրազիլ եւ Միջազգային Մամուլը։


Միջազգային մամուլը լայնօրէն կ՛անդրադառնայ ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Պրազիլ կատարծ առաքելական ճամբորդութեան մասին, եւ անոնց տուած տեղեկութիւնները ամբողջական են ու կեդրոնացած չորս գլխաւոր նիւթերու վրայ` Սրբազան Քահանայապետին այցելութիւնը ու քարոզը Տիրամօր Աբարեսիտա սրբավայրին մէջ։
Անպատրաստից խօսքը պատարագին աւարտին։ Այցելութիւնը Րիօյի հիւանդանոցին եւ հուսկ Սրբազան Քահանայապետին ցաւն ու աղօթքը ի լուր Սպանիայի երկաթուղիի գնացքի ողբերգական արկածին։

Աբարեսիտա` այցելութիւնը սկսաւ առաւօտուն եւ վերջ գտաւ յետմիջօրէին։ Մամուլը լայն մէջբերումներ կատարեց Սրբազան Քահանայապետին արտասանած քարոզէն, ամէն օրաթերթ գաղելով մէկ հատուած մը։ Բազմաթիւ են նկարները ուր կը ներկայացուի ֆրանչիսկոս Քահանայապետը Տիրամօր արձանին հետ։ Սրբազան Հօր անպատրաստից խօսքը մեծ արձագանգ գտաւ մասնաւորապէս Պրազիլ վերադառնալու բաղձանքը 2017-ին երբ պիտի նշուի Աբարեսիտայի սրբապատկերին յայտնաբերման 300 ամեակը։

Հիւանդանոցի այցելութեան ընթացքին իր արտասանած խօսքը մեծ շահագրգռութիւն արծարծած է, ըլլա՛յ երբ խօսեցաւ Եկեղեցւոյ կեցուածքին հանդէպ՝ հիւանդին ու թմրեցուցիչին եւ ըլլա՛յ կարգ մը խումբերու ազատ թողելու թմրեցուցիչի գործածութեան կեցուածքին։ Լատին ամերիկայի մամուլը սիրով ընդառաջեց Սրբազան Հօր կեցուածքին, ընդգծելով անոր խիստ խօսքերը կարգ մը կառավարիչներու հանդէպ։ Մամուլը յատկապէս կ'ընդգծէ հանդիպումին մարդկային մթնոլորտը։

Յայտնենք որ հեռուստատեսիլի բազմաթիւ կայաններ, յատկապէս Լատինամերիկայի ու Եւրոպայի, ուղղակիօրէն պատկերասփռեցին Սրբազան Քահանայապետին այցելութիւնները Աբարեսիտա մարեմեան սրբավայրին ու Րիոյի հիւանդանոցին։

Հայր Լոմպարտի մամուլին հետ ունեցած ելոյթին ընթացքին յայտնեց որ գէթ երեք նախագահներ` (Արխենթինա, Սուրինամ եւ Պոլիվիա) ներկայ պիտի գտնուին Երիտասարդութեան համաշխարհային Օրուան եզրափակիչ պատարագին։ Մամուլը իր կարգին այլ նախագահներու ներկայութեան մասին կ՛անդրադռանյ, ինչպէս Չիլիի, Գոլոմպիայի, Բանամայի եւ Էլ Սալվատորի։ Հինգշաբթի օրը Նորին Սրբութիւնը հանդիպում կ'ունենայ Արժենթինայի աւելի քան 5 հազար երիտասարդներուն հետ, քաղաքի աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.