2013-07-25 08:05:21

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի 24 Յուլիսի Թուիթները


Նորին Սրբութիւնը 24 յուլիսին այցելեց պրազիլի Աբարեսիտայի սրբավայրը եւ այդ առթիւ թուիթթերեան իր կայքի վրայ հրատարակուեցաւ հետեւեալ թուիթը

Երբեք Չի մոռնանք երիտասարդներ Սուրբ Կոյս Մարիամը մեր Մայրն է եւ անոր օգնութեամբ է որ կրնանք հաւատարիմ մնալ Յիսուսին։

Իսկ Աբարեսիտայի սրբավայրի այցելութեան աւարտին Սրբազան Քահանայապետը ուղղուեցաւ Աբարեսիտայի ''Բարի Յիսուս'' Նորընծայարան եւ այս առթիւ հրատարակուեցաւ հետեւեալ թուիթը

Շնորհակալ ըլլանք Յովհաննէս Պօղոս Բ Սրբազան Քահանայապետին ՃՄՃ-ին համար ու բոլոր այն կոչումներուն համար որոնք յառաջացան այս 28 տարիներուն ընթացքին։








All the contents on this site are copyrighted ©.