2013-07-25 11:59:57

Քահանայական Ձեռնադրութիւն Թեհրանի Մէջ։


Թեհրանի հայ կաթողիկէ Սբ. Գրիգոր Lուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, Հինգշաբթի, 18 Յուլիսի երեկոյեան , Իրանի Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ առաջնորդ արհի.Նշան արք. Գարաքեհէեան՝ Հայաստանէն եւ Չաւախքէն յատկապէս ժամանած տէր Պետրոս եւ տէր Անտոն վարդապետներուն առընթերակայութեամբ մատոյց հանդիսաւոր սբ. Պատարագ, որուն ընթացքին գերապայծառը կուսակրօն քահանայ ձեռնադրեց տէր Սիմոն սրկ. Դե Նարտօ-ն։
Ձեռնադրութենէն ետք արտասանած իր քարոզին մէջ, ձեռնադրիչ առաջնորդը՝ արհի. Նշան արք. Գարաքեհէեան շնորհաւորեց նորօծ վարդապետը, յորդորելով անոր որ նուիրումով եւ զոհողութեամբ ծառայէ Թեհրանի հայ կաթողիկէ համայնքին, որուն մնայուն հոգեւոր հովիւը նշանակուած է ան: Գերապայծառը նշեց որ Քրիստոսի լուծը, որ իր ուսերուն կ՚առնէ նորօծ վարդապետը, կրնայ ծանր թուիլ, բայց քաղցր է զայն սիրայօժար ստանձնած առաքեալին համար:
Հոգեպարար արարողութեան յուզիչ պահերէն մէկը եղաւ ձեռնադրեալ վարդապետին կողմէ հաւատացեալներուն երեք անգամ տրուած օրհնութիւնը, ապա նաեւ սբ. Հաղորդութեան բաշխումը անոր ձեռամբ:
Յաւարտ սբ. Պատարագին, Հայր Սիմոն շնորհակալական խօսք ուղղեց Հ. Նշան արք. Գարաքեհէեանին եւ հայ կաթողիկէ համայնքի պատասխանատուներուն՝ իրեն հանդէպ անոնց ցուցաբերած վստահութեան եւ վերաբերումին համար:
Ձեռնադրութեան արարողութեան ներկայ էին հոծ թիւով հաւատացեալներ, որոնց առաջին շարքերուն վրայ կը նշմարուէր ներկայութիւնը Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդի օգնական՝ Տէր Մակար վրդ. Աշգարեանի, Իրանի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներ՝ Վեր. Սերգէյ Շահվերդեանի եւ Վեր. Միշէլ Աղամալեանի, լատին եւ ասորական կաթողիկէ Եկեղեցիներու առաջնորդներուն, օտարազգի քրիստոնեայ հոգեւորականներու, ինչպէս նաեւ ձեռնադրեալ վարդապետին հարազատներուն:
Եկեղեցական արարողութեանց աւարտին, նորօծ վարդապետը ընդունեց ներկաներուն շնորհաւորութիւնները:
Գերապատիւ Հ. Սիմոն Տէ Նարտօ, աւազանի անունով՝ Պեռնար, ծնած է Արժանթին, 1975-ին: Համալսարանական կրթութիւնը, որպէս իրաւաբան, աւարտելէ ետք, իր հոգեւոր կրթութիւնը ստացած է Հռոմի Քահանայապետական Լեւոնեան հայ վարժարանին մէջ: Նախքան սարկաւագ ձեռնադրուիլը (անցեալ յունուարին Թեհրանի մէջ) ան կարճ ժամանակ մը ծառայած է Հայաստանի մէջ։







All the contents on this site are copyrighted ©.