2013-07-25 11:06:06

Րիոյ Քաղաքին Բանալիներու Յանձնում, 2014-ի Ողիմպիական Խաղերու Դրօշներու Օրհնութիւն, Այցելութիւն Րիոյի Մանկինիոս ''ֆավէլային'' եւ Երիտասրդներուն Հետ Պաշտօնական Ընդունելութեան Հանդիսութիւն Գոբագապանայի Ծովափին Վրայ։


Րիոյ Քաղաքին բանալիներու յանձնում, 2014-ի ողիմպիական խաղերու դրօշներու օրհնութիւն, այցելութիւն Րիոյի Մանկինիոս ''ֆավէլային'' եւ երիտասրդներուն հետ պաշտօնական ընդունելութեան հանդիսութիւն Գոբագապանայի Ծովափին Վրայ։ Ասոնք են ահա ֆրանչիսկոս Քահանայապետի 25 յուլիսի նախատեսուած յայտագիրը։

Արդարեւ հինգշաբթի 25 յուլիսի առաւօտեան 7,30-ին Սրբազան Քահանայապետը սուրբ պատարագի զոհը մատուցանելէ ետք, ժամը 9-ին (Հռոմի ժամով 14-ին) կը փոխադրուի Րիոյի քաղաքապետարան ուր ժամը 14,45-ին տեղի կ՛ունենայ ''Րիոյի Քաղաքի Բանալիներու'' պաշտօնական յանձնումը։

Քաղաքապետարանի մուտքին Նորին Սրբութիւնը կը դիմաւորէ Րիոյի Քաղաքապետ Տիար Էտուարտօ Բաէս ու ապա քաղաքապետարանի պալատին մէջ տեղի կ՛ունենայ Քաղաքի Բանալիներուն յանձնումի պաշտօնական արարողութիւնը որմէ ետք Սրբազան Հայրը, ի տես 2016-ին Պրազիլի մէջ կայանալիք 31րդ ողոմպիական խաղերուն, կ՛օրհնէ ողիմպիական խաղերու պաշտօնական դրօշակները, զանազան մարզիկներու ներկայութեամբ որոնց շարքին նաեւ աշխարհահռչակ ոտնագունդի մարզիկ` Բելէն։
Արարողութեան աւարտին Սրբազան Քահանայապետը կ՛ուղղուի Րիոյի Վարկինիա -Մանկինիոս ''ֆավէլայ'' ուր նախատեսուած է հանդիպում այնտեղ ապրող աղքատներուն հետ։

Յայտնենք որ երջանկայիշատակ ՅՊԲ Քահանայապետն ալ այցելած էր ''ֆավելայ'' մը ու բնակիչներուն նուիրած էր իր ձեռքի ոսկիէ մատանին զոր այսօր կը գտնուի Րիոյի մէկ թանգարանին մէջ։ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը երկորդ քահանայապետն է որ կ՛այցելէ ֆավելայ մը։

Նորին Սրբութիւնը կը դիմաւորէ շրջանի ժողովրդապետը, Տեղապահ եպիսկոպոսը եւ Գալգութայի Մայր Թերեզայի հիմնած ''գթութեան քոյրերու'' միաբանութեան մեծաւորուհին։ Սրբազան Հայրը կ՛այցելէ տեղական եկեղեցին ուր պահ մը կ՛աղօթէ ու եկեղեցւոյ կը նուիրէ սկիհ մը ապա կ՛ուղղուի շրջանի ոտնագունդի մարզադաշտը ուր հանդիպում կ՛ունենայ Վարկինիա -Մանկինիոս ''ֆավելայի հասարակութեան հետ։ Ճամբուն ընթացքին Սրբազան Հայրը այցելութիւն մը կը կատարէ ֆավելայի մէջ ապրող մէկ ընտանիքի մը։ Ոտնագունդի մարզադաշտի մէջ նախատեսուած է հակիրճ արարողութիւն մը որ սկիզբ կ՛առնէ երգերով ապա բարի գալուստի խօսքով ուղղուած քահանայապետին, ամուսնացեալ զոյքի մը կողմէ։ Ապա Նորին Սրբութեան իր կարգին ճառ մը կ՛արտասանէ ու ներկաները կ՛օրհնէ։

Յետմիջօրէի ժամը 17,20-ին (հռոմի ժամով 22,20) նախատեսուած է Սրբազան Քահանայապետի պաշտօնական հանդիպումը երիտասրդութեան համաշխարհային 28րդ օրուայ մասնակից` աշխարհի զանազան երկիրներէ եւ վայրերէ ժամանած միլիոնաւոր երիտասարդներուն հետ, Րիոյի ''Գոբագապանայի'' ծովափին վրայ։
Հանդիպման ընթացքին տեղի կ՛ունենայ ''Րիո տէ ֆէ'' վերտառութեամբ դատերական ներկայացում, հուսկ 5 ցամաքամասերը ներկայացնող հինգ երիտասարդներ կ՛ողջունեն Սրբազան Հայրը։ Հանդիպման ընթացքին Նորին Սրբութեան բարի գալուտի խօսք կ՛ուղղէ նաեւ Րիոյի Արքեպիսկոպոսը մինչ նախատեսուած են Սրբազան Քահանայապետի երկու ելոյթներ։ Երիտասարդներու հետ պաշտօնական հանդիպումը կ՛ եզրափակուի կէս գիշերին Հայր Մերի աղօթքով որմէ ետք Սրբազան Հայրը հրաժեշտ առնելով ներկաներէն կը վերադառնայ Սումարէի Բնակարան։








All the contents on this site are copyrighted ©.