2013-07-25 14:26:44

Գոբաքապանայի Ծովափը Կը Հիւրընկալէ ՃՄՃ-ի Երեք Հիմնական Արարողութիւնները


Րիոյի Գոբաքապանայ ծովափը այս օրերուն կը հիւնրընկալէ երիտասարդութեան համաշխարհային օրուայ հիմնական երեք արարողութիւններ` բացման պատարագի արարողութիւնը, պաշտօնական ընդունելութեան արարողութիւնը եւ ճանապարհ խաչին։
Գոբաքապանայի անունը յառաջ կու գայ , Պրազիլի հարաւային կողմը գտնուող քաղաքի մը անունէն, ան նաեւ կը կոչուի՝ Գոբաքապանայի լողափ, որուն կից կը գտնուի 4 քմ երկարութեամբ պողոտայ մը։

Գոբաքապանայի մէջ 18 րդ դարուն կէսին, կառուցուած է մատուռ մր որուն մէջ կը գտնենք Սուրբ կոյս Մարիամի արձանը, նման օրինակը կը գտնուի Պոլիվիայի Գոբաքապանա կոչուած սրբավայրին մէջ։

Գոբաքապանայի ծովափը կը նմանի կիսալուսինի մը, տեղացիներու կողմէ ճանչցուած է իբրեւ թագուհի։Ի վերջոյ ան­ Քրիստոս Թագաւորի արձանին նման, խորհրդանիշն է Րիօ քաղաքին։

20 րդ դարուն սկիզբէն , Գոբաքապանա ՝ հմայքի եւ ժամանցի հոմանիշ կը դառնայ, վերջին տասնամեակներուն, անոր հեղինակութիւնը աճ կ՛արձանագրէ ։ Այսօր ՝ Րիոյի ամէնէն խիտ բնակչութեան եւ զբօսաշրջութեան հրապուրիչ թաղամասն է։

Րիոյի մէջ երիտասարդներու համաշխհարային օրուայ հինգ հիմնական արարողոթիւններէն երեքը՝ տեղի կ՛ունենան Գոբաքապանայի ծովափին վրայ։

23 յուլիսին, Երիտասարդներու համաշխահրային օրուայ պաշտօնական բացումի արարողութիւնը զոր գլխաւորեց Րիոյի Արքեպիսկոպոս գերապայծառ Թէմբէսթա։

25 Յուլիսին Գոբաքապանայի ծովափը կը վերածուի ՃՄՃ -ին կեդրոն ու սիրտ, ուր կը համախմբուին հարիւր հազարաւոր երիտասարդներ մասնակցելու Սրբազան Քահանյապետի պաշտօնական ընդունելութեան երեկոյթին եւ ունկնդրելու անոր պագտամը։

Ի վերջոյ Ուրբաթ 26 Յուլիսին Հռոմի ժամով երեկոյեան ժամը 11.00ին ծովափին վրայ նաախատեսուած է ''ճանապարհ խաչիի'' բարեպաշտութիւնը ֆրանչիսկոս Քահանայապետի ներկայութեամբ ։







All the contents on this site are copyrighted ©.