Ազատ Առեւտուրի Գօտիի Ստեղծման Շուրջ Հայաստան – Եւրոպական Միութիւն Բանակցութիւնները
Աւարտեցան
Եւրոպական Միութիւնը եւ Հայաստան երէկ բարեյաջող կերպով աւարտեցին Խոր եւ համապարփակ
ազատ առեւտուրի գօտիի ստեղծման շուրջ բանակցութիւնները: Խոր եւ համապարփակ ազատ առեւտուրի
գօտիի ստեղծումը, որ Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան Ընկերակցութեան համաձայնագիրին մաս
կը կազմէ, Եւրոպական Միութեան եւ Հայաստանի միջեւ պիտի ստեղծէ առեւտրական յարաբերութիւններու
նոր շրջանակ մը, որ պիտի սերտացնէ Հայաստանի տնտեսական համարկումը Եւրոպական Միութեան
հետ` հայկական ապրանքներու համար ճամբայ հարթելով դէպի եւրոպական շուկայ, ինչպէս նաեւ
հայկական շուկան բանալով եւրոպական ապրանքներուն համար: Անկախ փորձագիտական գնահատականներով,
ազատ առեւտուրի գօտիի ստեղծումը դրականօրէն պիտի անդրադառնայ Հայաստանի տնտեսական աճին
վրայ` տարեկան յաւելեալ 146 միլիոն եւրոյի եկամուտ ապահովելով հայկական կողմին համար:
Կ՛ակնկալուի, որ հայկական շուկայի ազատականացումը եւրոպացի գործընկերներուն համար նոյնպէս
եկամուտներ պիտի ապահովէ` տարեկան մինչեւ 74 միլիոն եւրօ: Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանի
մեծագոյն տնտեսական գործընկերն է: Եւրոպական Միութեան երկիրներուն հետ առեւտուրը Հայաստանի
առեւտրաշրջանառութեան մինչեւ 32 առ հարիւրը կը կազմէ եւ 2012 թուականին երկկողմանի առեւտրաշրջանառութեան
ծաւալը կը կազմէ 951 միլիոն եւրօ: