2013-07-24 12:18:40

Րիօ 2013։ Սումարէի Բնակարանի Մէջ Անվտանգութեան Կարեւոր Հանդիպում։


Սուրբ Աթոռի բանբեր` Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտին մամուլի հետ ունեցած ասուլիսի ընթացքին յայտնած է թէ Երիտասարդութեան Համաշխարահյին օրուայ բացման արարողութեան Րիոյի Գոբագապանա տարածքի վրայ ներկայ էին 500 հազարէ աւելի երիտասարդներ, հակառակ հովին եւ տեղատարափ անձրեւին, եւ թէ ֆրանչիսկոս Պապը արարողութեան հետեւած է հեռատեսիլէն։
Հայր Լոմպարտին ապա յայտնած է թէ Սրբազան Քահանայապետը երեքշաբթի առաւօտեան պատարագ մատուցեց Սումարէի Բնակարանի մատրան մէջ Սուրբ Աթոռի առաքելական Նուիրակի եւ հոն բնակող մայրապետներու ներկայութեամբ, ինչպէս նաեւ օրուան ընթացքին հանդիպումներ ունեցաւ Պրազիլի պատուիրակութեան մաս կազմող մի քանի անդամներուն հետ։
Սուրբ Աթոռի բանբերը տեղեկացուցած է նաեւ թէ Սրբազան Քահանայապետի անվտանգութեան համար կարեւոր հանդիպում մը տեղի ունեցած է Վատիկանի եւ Պրազիլի ապահովական անձնակազմի միջեւ որուն ընթացքին վերատեսուած են որոշ հարցեր, նկատի առնելով Սրբազան Քահանայապետի իղձը անմիջական շփում ունենալու հաւատացեալներուն հետ։
Հայր Լոմպարտին յայտնած է առ այդ թէ կլիմայի վատթարացումի պատճառաւ Սրբազան Քահանայապետը Աբարէսիտա պիտի փոխադրուի օդանաւով եւ ոչ թէ ինքնաթիռով, ինչպէս նաեւ չորեքշաբթի օրը յետ միջօրէին Սուրբ ֆրանչիսկոսի անուան հիւանդանոցը պիտի փոխադրուի պարզ ինքնաշարժով եւ ոչ ինչպէս նախատեսուած էր նախապէս ''քահանայապետական ինքնաշարժով։''
Այլ նորութիւնը այն է - տղեկացուց միշտ Հայր Լոմպարտին - թէ 25 յուլիսին Սրբազան Քահանայապետը յատուկ հանդիպում պիտի ունենայ Արժէնդինէն Պրազիլ ժամանած ուխտաւորներուն հետ Րիոյի Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մէջ։
Հայր Լոմպարտին ի վերջոյ յայտարարած է թէ յառաջիկայ Կիրակի օր նախատեսուած ՃՄՃ-ի եզրափակիչ պատարագին ներկայ պիտի գտնուին նաեւ Արժէնդինի, Պոլիվիայի եւ Սունիրամի նախագահները ինչպէս նաեւ Ուրուկուայի եւ Բանամայի փոխ նախագահները։








All the contents on this site are copyrighted ©.