2013-07-24 11:09:04

Րիօ 2013-ի Յիշատակի Մետալի Ներկայացումը։


Երեքշաբթի 23 յուլիսի առաւօտեան Րիոյի մէջ տեղի ունեցաւ Րիոյի 2013-ի Երիտասարդութեան Համաշխարհային Օրուայ առթիւ Քահանայապետի Պրազիլ ճամբորդութիւնը յիշատակող պաշտօնական մետալի ներակայացումը։
Յայտնենք թէ տեղատարափ անձրեւի պատճառաւ արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Սումարէյի բնակարանի սրահին մէջ եւ ոչ թէ ինչպէս նախատեսուած էր Գորգովատոյի ''Քրիստոս Փրկիչ'' արձանի ոտքին։

Վերոյիշեալ նախաձեռնութեան իր մասնակցութիւնը բերաւ Վատիկանի Պետական Քարտուղար` Կարտինալ Թարչիզիօ Պերթոնէն որ այս առթիւ իր արտասանած ճառին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց, յանուն Սրբազան Քահանայապետին, մետալի իրագործումին որ կը յիշատակէ - ըսաւ Ան- ''հաւատքի եւ ուրախութեան արարողութիւնը զոր աշխարհի բոլոր ցամաքամասերէ երիտասարդները հաւաքած է այստեղ''։

Կարտինալ Պերթոնէն անդրադարցաւ Մետալի վրայ պատկերացուած փորագրութեան որուն մէկ կողմը ներկայացուած է ֆրանչիսկոս Պապը, ժպտուն երեսով որ կ՛արտայատէ անոր մօտիկութիւնը ժողովուրդին, մինչ միւս կողմը ներկայացուած են Րիօյի Սաօ Սեպասդիաօ աթոռանիստ եկեղեցին եւ Աբարէսիտայի Տիրամօր Պազիլիքան որոնք կը յատկանշեն երկու քաղաքաները զոր կ՛ընդունին ֆրանչիսկոս Պապը իր այս առաքելական առաջին ճամբորդութեան ընթացքին։

Վատիկանի Պետական քարտուղարը հուսկ ակնարկեց ֆրանչիսկոս Պապի ''Բարի Գալուստի'' արարողութեան ընթացքին արտասանած ճառին որուն մէջ Նորին Սրբութիւնը մատնանշեց թէ Պրազիլ եկած է ''սնուցելու եղբայրական սիրոյ բոցը որ կը վառի ամէն մէկ սրտի մէջ''։ Եւ Ճիշդ որովհետեւ ամէնքս աւելի լաւ աշխարհ մը կը ցանկանք հարկ է երիտասրադներուն վրայ վստահիլ եւ այնպէս ընել որ Սրբազան Քահանայապետի այս օրերուն արտասանած խօսքերը արմատանան մեր մտքերուն ու մեր սրտերուն մէջ։

Կարտինալ Պերթոնէն խօսքը եզրափակեց ըսելով` ''աչքերս կը սեւեռեմ Քրիստոս Փրկիչ արձանին անորմէ խնդրելով որ օրհնէ բոլոր ներկաները անոնց ընտանեկան պարագաները եւ անոնց աշխատանքը։







All the contents on this site are copyrighted ©.