2013-07-24 12:26:46

Նալբանդեան Մասնակցեցաւ Եւրոպական Միութեան Եւ Արեւելեան Գործընկերութեան Արտաքին Գործոց Նախարարներու Հանդիպումին


22 յուլիսին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան Պրիւքսէլի մէջ մասնակցեցաւ Եւրոպական Միութեան եւ Արեւելեան գործընկերութեան արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման, որուն ներկայ էին Եւրոպական Միութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ ապահովութեան քաղաքականութեան բարձր ներկայացուցիչ Քեթրին Էշթըն, Եւրոպական Միութեան Ընդլայնման եւ դրացնութեան քաղաքականութեան յանձնակատար Շթեֆան Ֆիւլէ:
Հանդիպման ընթացքին մասնակիցները քննարկեցին նոյեմբերին Վիլնիուսի մէջ տեղի ունենալիք Արեւելեան գործընկերութեան երրորդ վեհաժողովի նախապատրաստական աշխատանքները եւ միտքեր փոխանակեցին Արեւելեան գործընկերութեան շրջագիծին մէջ ընթացող բանակցային հոլովոյթներուն մէջ արձանագրուած յառաջընթացին գծով:
Խօսք առնելով նիստին ընթացքին` նախարար Նալբանդեան յայտնեց, որ Արեւելեան գործընկերութեան Վարշաւայի վեհաժողովէն նախորդ երկու տարիներուն ընթացքին զգալի յառաջընթաց արձանագրուած է համագործակցութեան բոլոր հիմնական մարզերուն մէջ` Ընկերակցութեան համաձայնագիրի, մարդոց շարժունակութեան, Մուտքի այցեգիրներու դիւրացման եւ Վերընդունման համաձայնագիրներու բանակցութիւններուն:
Նախարար Նալբանդեան կարեւոր նկատեց Արեւելեան գործընկերութեան շրջագիծին մէջ իրականացուող համագործակցութիւնը` իրականացուող բարեփոխումներու խթանման համար: Ան շեշտեց, որ միջազգային կառոյցներու վերջին զեկուցումները կ՛արձանագրեն Հայաստանի յառաջընթացը տարբեր մարզերու մէջ, ինչպէս` ժողովրդավարութիւնը, խօսքի ազատութիւնը, մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութիւնը, օրէնքի գերակայութիւնը եւ արդիւնաւէտ կառավարումը:
Նալբանդեան նշեց, որ 12-13 սեպտեմբերին Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք Արեւելեան գործընկերութեան արտաքին գործոց նախարարներու ոչ պաշտօնական հանդիպման զուգահեռ տեղի պիտի ունենայ կրթութեան մարզին նուիրուած բարձր մակարդակի հանդիպում:







All the contents on this site are copyrighted ©.