2013-07-24 11:26:35

Երիտասարդութեան Համաշխարհային Օրուայ Բացման Պատարագը Գոբագապանա Ծովափի Վրայ


Երիտասարդները Յոյսն Են Տագնապահար Ընկերութեան։
Աւելի քան հինգհարիւր հազար երիտասարդներ համախմբուեցան Րիոյի աշխարհահռչակ Գոբագապանա ծովեզերքի երկայնքին, ուր քաղաքի առաջնորդը գերապայծառ Օրանի Թեմբեսդա մատուցած պատարագին ընթացքին ըսաւ որ երիտասարդները յոյսն են ընկերութեան մը որ կը սպասէ լուծում գտնել իր տնտեսութեան ու արժէքներու տագնապին։
Ան հրաւիրեց երիտասարդները հաւատալու այլ աշխարհի կարելիութեան։ Պատարագին սկիզբը գերապայծառը վերակոչեց հարստահարուած, մերժուած, թմրեցուցիչի ու անարդարութեան զոհ երիտասարդները։ Խրախուսեց զանոնք կերտելու կամուրջներ փոխան պարիսպներու յաղթահարելու անարդարութիւնները եւ կազմել նոր սերունդ մը կարող հաւատքը հաղորդելու ուրիշներուն։
Պատարագին աւարտին կարտինալ Րիլքօ` նախագահը աշխարհականներու քահանայապետական խորհուրդին յայտնեց որ այս երկրորդ անգամն է որ Երիտասարդներու համաշխարհային օրը կը կազմակերպուի Լատինամերիկայի մէջ, առաջինը` տեղի ունեցաւ 26 տարիներ առաջ 1987-ին։ Ան մատնանշեց որ երիտասարդութիւնը հարստութիւն մըն է որ պէտք է գործածել եւ ով որ Քրիստոսը կ'ընտրէ ոչ մէկ բան կը կորսնցնէ, ընդհակառակը կը գտնէ ճշմարիտ երջանկութիւնը ու լիակատար կեանքը։
Հակառակ որ պատարգը մատուցուեցաւ տեղատարափ անձրեւի տակ երիտասարդները մեծ մասնակցութեամբ ու ջերմեռանդութեամբ ապրեցան աղօթքի այդ պահը։
Յայտնենք` թէ իրետասարդութեան համաշխարհային օրուան առթիւ բազմաթիւ երիտասարդներ իջեւան գտած են պրազիլցի ընտանիքներու մօտ, որոնք ջերմօրէն հիւրընկալած են զանոնք։








All the contents on this site are copyrighted ©.