2013-07-24 16:46:19

Աստուածային Նախախնամութեան Սուրբ ֆրանչիսկոս Ասիզացիի Հիւանդանոցը։


Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Պրազիլ կեցութեան ընթացին, 24 յուլիսի յետմիջօրէին այցելութիւն կը կատարէ Աստուածային Նախախնամութեան Սուրբ ֆրանչիսկոս Ասիզացիի Հիւանդանոցին որուն մէջ կը խնամուին թմրամոլութենէ տառապող հիւանդներ` մինչ անոր 500 մահիճները, օգտագործուած են նաեւ վիրաբուժական ծառայութեան ։

Հիւանդանոցի ծրագիրը պտուղն է Նէլիօ Պէլոթթի կոչուած երիտասարդի մը ՝ որ ծնած է 5 յուլիս 1950 թուականին։ Անոր փափաքն էր նմանիլ Սուրբ ֆրանչիսկոս Ասիզացիին։ Պէլոթթի թեմական քահանայ կը ձեռնադրուի 21 դեկտեմբեր 1984-ին։ Նոյն տարուայ 4 հոկտեմբերին, քահանայական ձեռնադրութենէն առաջ, Պէլոթթի կը հիմնէ բարեգործական օժանդակիչ հաստատութիւն մը աղքատ եւ անտէր հիւանդներու խնամատարութեան համար որ տարիներու ընթացքին ընդլայնեց իր գործունէութեան ծաւալը։








All the contents on this site are copyrighted ©.