2013-07-24 12:46:42

Աբարէսիտայի Տիրամօր Սրբավայրը։


Տիրամօր նուիրուած Աբարեսիտայի սրբավայրը կը գտնուի Սան Բաօլօ նահանգին ''Աբարէսիտա'' քաղաքին մէջ , Րիոյէն 261 քմ հեռաւորութեան վրայ։

Աբրեսիտայի Տիրաօր տօնը կը յիշատակուի ամէն տարի 12 Հոկտեմբերին Ամերիկիոյ յայտնաբերումի` (1492 թուականին) նոյն օրը։

1745-ին, Տիրամօր պատկերը պահպանելու համար, կառուցուած էր առաջին մատուռը, բայց 1955 թուականին ուխտաւորներուն թիւի աճումին հետեւանքով, յատուկօրէն Հարաւային Ամերիկայէն, հարկաւոր եղաւ նոր Սրբավայր մը կառուցել։

Տիրամօր սրբպատկերին բարեպաշտութեան աւանդութիւնը կապուած է յատկապէս Ամերիկայի Ափրիկեցի ժողովուդին չարչարանքներուն եւ անոր յոյսերուն։

18-րդ դարուն Սան Բաոլօյի մէջ , ստրուկութիւնը տարածուած էր։ Սան Բաօլոյի հիւսիային շրջանին մէջ, ձկնորսներուն ցանցին մէջ, ծովուն հատակէն պատահաբար կը յայտնաբերուի Տիրամօր` կաւէ արձանիկ մը, սեւ գոյնով, ստրուկներուն գոյնին նման, կիսուած երկուքի, անոնց ապրած տառապեալ կեանքի նման։

Աբարէսիտա Տրիամօր պատկերին առաջին հրաշքէն ետք, Զագարիա անունով սեւամորթ մարդու մը, Անոր համբաւը շուտով տարածուեցաւ բոլոր երկրին մէջ։

1894-ին Աբարեսիտա մուտք գործեցին, Րէտէմթորիս կրօնաւոր հայրերը, որ խմնամք տարին սրբավայրին եւ 1928 թուականին Աբարէսիտայի Տիրամայրը հռչակուեցաւ ''Պրազիլի Պաշտպան ու Պահպան Սրբուհին''։

Նոր Սրբավայրին շինարարութեան գործերը աւարտեցին 1980 թուականին որուն օծումը կատարեց ՅՊԲ երջանկայիշատակ Քահանայապետը։








All the contents on this site are copyrighted ©.