2013-07-22 09:53:51

Ֆրանչիսկոս Քահանապետի Առաքելական Ճամբորդութիւնը Դէպի Պրազիլ
Պատմական Հակիրճ Տուեալներ


Ռիօ Տէ Ժանէյրօ

Ռիօ Տէ Ժանէյրօն յաճախ կոչուած է պարզապէս Ռիօ։ Ռիօ Տէ Ժանէյրօն Պրազիլի երկրորդ մեծագոյն քաղաքն է, որուն բնակչութեան թիւը հասած է 6.5 միլիոնի։ Ռիօն կը հանդիսանայ Ամերիկայի 6-րդ խոշորագոյն քաղաքը, եւ աշհարի 26-րդը։
Ռիօ Տէ Ժանէյրօն կոչուած է նաեւ հրաշալի քաղաք, հարաւային կիսագունդին ամենաշատ այցելուած քաղաքն է, հռչակաւոր է իր բնական միջավայրերով եւ լողափներով։
Տեսարժան վայրերու շարքին նշենք Քրիստոսի արձանը Գորքովատօ լերան վըայ (Cristo Redentor), եւ Մարականա՝ աշխհարի մեծագոյն մարզադաշտերէն մին։ Մարականա մարզադաշտին մէջ է որ 2014-ին Ոտնագունդի ախոնայութեիւնը պիտի եզրափակուի։
Ռիոյի Կուանապարայ ծոցը, որուն շուրջ հառաջացած է քաղաղքը, յայտնաբերուած է Փորդուկալացի Գասպար Տէ Լէմոս` ծովագնացի կողմէն, 1502-ի յունուար մէկին։
Քաղաքին անունը Փորթուկալերէն լեզուով կը նշանակէ ՝ ''յունուարի գետ'', որովհետեւ Կուանապարայ ծոցը Փորթուկալցիներու կողմէն ընդունուած է որպէս գետ եւ ոչ թէ որպէս ծով։ ֆրանսացիները հոն հաստատուած են 1555 թուականին եւ ապա վտարաուծ են 1567 թուականին Փորթուկալացիներու կողմէ ։







All the contents on this site are copyrighted ©.