ֆրանչիսկոս Քահանայապետը Ռիօ Կեցութեան Ընթացքին Հանդիպում Պիտի Ունենայ Ոտնագունդի Աշխարհաճանաչ
Խաղցողներու Հետ։
Սրբազան Հայրը ճանչցուած է որպէս ոտնագունդի մեծ սիրող մը։ Ռիոյի այցելութեան ընթացքին,
25 յուլիսին, մարզիքներու հաւաքին ընթացքին, որ տեղի պիտի ունենայ քաղաքապետարանի դահլիճը,
հանդիպում պիտի ունենայ աշխարհաճանաչ երեք մեծ ոտնագունդի խացողներու հետ` Բելէ, Նէյիմար
եւ Զիքօ։ Այս առթիւ Սրբազան Քահանայապետը պիտի օրհնէ ողոմպիական խաղերու 2016-ի դրօշը։