2013-07-22 10:35:13

Սուրբ Եղիա Մարգարէի Տօնին Առթիւ Սուրբ Պատարագ


Հովանաւորութեամբ ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքին եւ հրաւէրով հայ կաթողիկէ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ - Սուրբ Եղիա ժողովրդապետութեան եւ միութիւններուն, ուրբաթ, 19 Յուլիս 2013-ին, երեկոյեան ժամը 7-ին, Սուրբ Եղիա մարգարէի տօնի նախօրէին՝ Պէյրութի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ - Սուրբ Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, սուրբ Պատարագ մատոյց եւ ապա քարոզեց գերպծ. հայր Գաբրիէլ թ.ծ.վ. Մուրատեան, Զմմառու Պատրիարքական Միաբանութեան ընդհանուր փոխանորդ եւ Պատրիարքական թեմի փոխանորդ, առընթերակայութեամբ հայր Մաշտոց վրդ. Զահթէրեանի եւ Տէր Ռաֆֆի քհնյ. Յովհաննէսեանի: Սուրբ Պատարագին ներկայ էին Զմմառու վանքի վարչական հայրերը եւ ժառանգաւորները, համայնքի երեւելի անձնաւորութիւններ եւ հաւատացեալներու խուռն բազմութիւն մը: Սրբազան երգեցողութիւնը կատարեց եկեղեցւոյ երգչախումբը, ղեկավարութեամբ Ռափայէլ Սրկ. Ժաուհարժիին:

Սուրբ Պատարագի աւարտին՝ բոլոր հոգեւորականներն ու ժողովուրդը իրենց շնորհաւորութիւնները ներկայացուցին պատարագիչ գերապայծառին ու փոխ-ժողովրդապետին եկեղեցւոյ սրահին մէջ, ուր նաեւ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:








All the contents on this site are copyrighted ©.