2013-07-20 11:01:17

''ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Ու Երիտասարդներու Միջեւ Բաց Ու Դրական Երկխօսութիւն Պիտի Հաստատուի'' Կ՛ըսէ Աշխարհականներու Քահանայապետական Խորհուրդին Ենթաքարտուղարը։


Երիտասարդներու Համաշխարհային Օրուան կազմակերպիչ` Գերապայծառ Տէլկատօ Կալինտոյի գնահատումով ֆրանչիսկոս Քահանայապետի ու երիտասարդներու միջեւ բաց ու դրական երկխօսութիւն մը պիտի հաստատուի եւ Սրբազան Քահանայապետը պիտի կարողանայ խիղճերը արթնցնել։
''Իր այս միջազգային առաջին առաքելական ճամբորդութեամբ Նորին Սրբութիւնը երիտասարդներուն դրական պատգամ մը կ'ուզէ հաղորդել։ Ան կարող է արթնցնել ու հրահրել խիղճերը, յայտարարած է գերապայծառ Կալինտօն` երիտասարդութեան համաշխարհային օրերու կազմակերպի Աշխարհականներու քահանայապետական խորհուրդին Ենթաքարտուղարը։
Սրբազան Հօր պատգամը կը նպատակադրէ առաջնորդել երիտասարդները դէպի Քրիստոս։ Ան իր կեցութեան ընթացքին պիտի այցելէ հիւանդանոց մը եւ Ռիոյի աղքատ մէկ թաղամասը։ Ան կը բաղձայ որ համաշխարհականացումը չդառնայ եսապաշտութեան աշխարահականացում - յայտնած է միշտ գերապայծառ Կալինտօ։








All the contents on this site are copyrighted ©.