2013-07-20 10:52:33

Ֆրանչիսկոս Պապի 20 Յուլիսի Թուիթը Ուղղուած Րիոյի Երիտասարդներուն։
''Թող Տէրը առաջնորդէ ձեր ուղեւորութիւնը''


Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը երկու օր ետք պիտի կատարէ առաքելական իր առաջին ճամբորդութիւնը դէպի Պրազիլ մասնակցելու համար Երիտասարդութեան Համաշխարհային 28րդ Օրուայ տօնախմբութիւններուն։
Այս առթիւ շաբաթ 20 յուլիսի իր հրատարակած թուիթին մէջ գրած է`.

''Սիրելի երիտասարդներ, գիտեմ թէ ձեզմէ շատերը ճամբորդութեան մէջ կը գտնուին դէպի Ռիօ։
Թող մեր Տէրը ձեզ բոլորդ առաջնորդէ ուղեւորութեան ընթացքին''։








All the contents on this site are copyrighted ©.