2013-07-20 08:52:03

Ֆրանչիսկոս Պապը Պենետիկտոս ԺԶ Վաստակաւոր Քահանայապետէն Խնդրեց Աղօթել Պրազիլ Կատարելիք Ճամբորդութեան Համար։


Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի ուրբաթ 19 յուլիսին հրատարակած հաղորդարգրութեան մէջ կը նշուի թէ ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը 19 յուլիսի ժամը 16-ին այցելութիւն կատարեց Պենետիկտոս ԺԶ Վաստակաւոր Քահանայապետին անորմէ խնդրելով հոգեւոր մօտիկութեամբ եւ աղօթքով ընկերանայ 22 - 29 յուլիս երիտասարդներու համաշխարհային 28րդ օրուայ առթիւ Պրազիլ կատարելիք ճամբորդութեան եւ այնտեղ համախմբուած երիտասարդներուն։
ֆրանչիսկոս Պապը Պենետիկտոս ԺԶ յանձնեց ճամբորդութեան ուղեցոյցի գրքոյկը որպէսզի կարենայ հետեւիլ յայտագիրին ու անոր նուիրեց վերոյիշեալ Ճամբորդութեան յիշատակի մետալը։
Պենետիկտոս ԺԶ իր հերթին ապահովեց իր աղօթքները վերյիշելով Գոլոնիյայի, Սիտնէյի եւ Մատրիտի մէջ իր գլխաւորած երիտասարդութեան համաշխարհային օրերը։
Կէս ժամ տեւող վերոյիշեալ հանդիպումը սկիզբ առած էր աղօթքի եւ ամփոփումի պահով Պենետիկտոս ԺԶ-ի բնակարանի մատրան մէջ։
Յայտնենք թէ Ֆրանչիսկոս Պապը Պրազիլ կը մեկնի երկուշաբթի 22 յուլիսի առաւօտեան ժամը 8,45-ին, Հռոմի ֆիումիչինօ օդակայանէն եւ 12 ժամ թռիչքէ ետք կը ժամանէ Րիո Տէ Ժանէյրօյի ''Անթոնիօ Գարլոս Ժոպիմ'' օդակայան ուր զինք կը դիմաւորեն Պրազիլի Նախագահ` Տիկ Տիլմա Րուսսէֆը եւ այլ քաղաքական ու եկեղեցական բարձրաստիճան իշխանութիւններ։ Նորին Սրբութիւնը Հռոմ կը վերադառնայ 29 յուլիսի առաւօտեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.