2013-07-20 11:02:30

Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս Եկեղեցւոյ Մէկ Մասը Թանգարանի Պիտի Վերածուի


Թրքական «Ռատիքալ» օրաթերթը կը գրէ, որ Տիգրանակերտի մէջ գտնուող Ս. Կիրակոս հայկական եկեղեցւոյ մէկ մասը պիտի վերածուի թանգարանի, ուր պիտի ցուցադրուին հայկական արուեստի նմուշներ:
Տիգրանակերտի քաղաքապետ Օսման Պայտեմիր եւ եկեղեցւոյ հիմնադրամի ղեկավար Էրկիւն Այըք եկեղեցւոյ մէկ հատուածը թանգարանի վերածելու մասին արձանագրութիւն ստորագրած են:
«Կը հաւատամ, որ այս արձանագրութիւնը Տիգրանակերտը ճանչնալու հարցին մէջ մեծ նպաստ պիտի ունենայ», ըսած է Օսման Պայտեմիր:
Եկեղեցւոյ մէջ հայերու մասին տեղեկութիւններ, փաստաթուղթեր պիտի զետեղուին եւ անոնք բաց պիտի ըլլան այցելուներուն համար:
Ստորագրուած արձանագրութեան մէջ կը նշուի նաեւ, որ թանգարանի ելեկտրականութեան, ջուրի եւ մաքրութեան հարցերը պիտի հատուցէ քաղաքապետարանը։







All the contents on this site are copyrighted ©.