2013-07-20 11:11:48

Սուտանի Քրիստոնեաներու Կացութիւնը Օրէ Օր Կը Վատթարանայ։


Բազմաթիւ քրիստոնեաներ պարտադրուած են երկրէն հեռանալ, ու անոնց ստացուածքները բռնագրուած են։

''Սուտանի մէջ քրիստոնեաներու կացութիւնը կը վատթարանայ'' կը հաղորդագրէ "Religion News" կայքէջը։
Արդարեւ ջախջախիչ մեծամասնութեամբ մահմետական այդ երկրի քրիստոնեաները յարատեւ նեղութիւն կը կրեն, հարաւային Սուտանի անկախութենէն ետք, որուն բնակչութիւնը մեծամասնութեամբ քրիստոնեայ է։
Զանազան եկեղեցիներու յարանուանութիւններու կրօնապետերը կը վկայեն որ Սուտանի մէջ բազմաթիւ են կամայական ձերբակալութիւնները, պաշտամունքի վայրերու դէմ նախայարձակումները ու կարգ մը անհատներու պարտադիր կրօնափոխութիւնը դէպի իսլամութիւն, ինչպէս նաեւ օտար կրօնաւորներու երկրէն վտարումը։
Յայտնենք որ աւելի քան 300 հազար քրիստոնեաներ կ'ապրէին Խարթում մայրաքաղաքին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.