2013-07-20 09:44:23

Հայաստանի Մէջ Գործող Միակ Արեւմտահայերէն Կայքը ''www.yerakouyn.com''


Հայաստանի մէջ գործող տասնեակ լրատուական կայքերու շարքին իւրայատուկ տեղ կը գրաւէ ԵՌԱԳՈՅՆ ''www.yerakouyn.com'' կայքը որ ճիշդ այս օրերուն թեւակոխած է իր ստեղծման 10-րդ ամիսը։
Արդարեւ Եռագոյնը արեւմտահայերէն լեզուով լրատուական միակ կայքն է որ կը գործէ հայաստանի մէջ իր գործունէութեամբ նպաստելով Հայաստան - Սփիւռք կապերու ամրապնդումին եւ հանդիսանալով կամուրջ մը հայաստանեան մամուլի եւ սփիւռքեան լրատուամիջոցներու միջեւ։
Անոր էջերուն մէջ կը գտնէք Հայաստանէն եւ Սփիւռքէն լուրեր, միջազգային իրադրաձութիւններ ինչպէս նաեւ յատուկ յօդուածներ հայող գրական, պատմական, արուեստի եւ կրօնական` հայկական աւանդութիւններուն։ Իր այս վեհանձն գործունէութեամբ Եռագոյնի անձնակազմը կը նպաստէ նաեւ արեւմտահայերէն լեզուի պահպանման ու անոր զարգացման։
Քաջալերել Եռագոյնի գործունէութիւնը կը նշանակէ քաջալերել հայկական մշակոյթի պահպանումը եւ օժանդակել անոր զարգացումին։








All the contents on this site are copyrighted ©.