2013-07-19 10:37:48

Սփիւռքի Նախարարը Սուրիահայերու Հարցերու Լուծման Աջակցելու Խնդրագիր Ներկայացուցած Է Հայաստանի Մէջ ԵՄ Պատուիրակութեան Ղեկավարին


Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի հրաւէրով Յուլիսին տեղի ունեցած է Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան ղեկավար, դեսպան Թրայան Հրիսթէայի հետ հանդիպում մը: Այս մասին կը յայտնէ Սփիւռքի նախարարութեան մամլոյ եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը։
Աղբիւրի համաձայն սփիւռքի նախարարը ներկայացուցած է Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմին պատճառով Հայաստան տեղափոխուած հայերուն հիմնախնդիրներուն լուծման գծով Հայաստանի իշխանութիւններուն դիրքորոշումն ու իրականացուցած ծրագիրները:
Նախարարը յատկապէս անդրադարձած է Հայաստանի իրաւական դաշտին մէջ կատարուած փոփոխութիւններուն` կրթութեան, առողջապահութեան, գործարարութեան ոլորտներուն մէջ, ինչպէս նաեւ` աշխատանքով եւ կացարաններով ապահովման ուղղութեամբ կատարուած աշխատանքներուն: Հ. Յակոբեան ներկայացուցած է Աշտարակ քաղաքին մէջ Նոր Հալէպ թաղամասի հիմնադրման ծրագիրը:
Հայաստանի սփիւռքի նախարարը յատկապէս լուսարձակի տակ առած է նաեւ այն հանգամանքը, որ Հայաստանի մէջ սուրիահայերուն աջակցութեան ծրագիրները` 2012-2013-ին, հիմնականօրէն իրականացուած են պետական պիւտճէով եւ համահայկական կազմակերպութիւններու աջակցութեամբ. ան դիմած է Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան ղեկավարին` Հայաստան տեղափոխուած սուրիահայերուն հիմնախնդիրներու լուծման ծրագիրները, մասնաւորաբար բնակարանաշինութեան ծրագիրը Եւրոպական Միութեան կողմէ ֆինանսաւորելու խնդրանքով` քաղաքացիական պատերազմին պատճառով հարկադրաբար իրենց երկրէն այլ պետութիւններ արտագաղթած Սուրիոյ քաղաքացիներուն յատկացուող հսկայական գումարներու ծիրին մէջ:
Հրանոյշ Յակոբեան Թրայան Հրիսթէային յանձնած է նաեւ տեղեկագիր` սուրիահայերուն հիմնախնդիրներու լուծման ուղղութեամբ իրականացուող աշխատանքներուն, առկայ հիմնախնդիրներուն եւ անոնց լուծման հոլովոյթներուն վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ` աջակցութեան խնդրանքով գրութիւն:
Յաջորդ կարեւոր հարցը, որուն անդրադարձած է նախարարը, Սուրիոյ եւ յատկապէս Հալէպի մէջ տիրող ճգնաժամային իրավիճակն է: Երկրին երբեմնի տնտեսական մայրաքաղաքը մօտ 10 օրէ կը գտնուի շրջափակման մէջ, հոսանքազրկուած է, կայ սննդամթերքի, դեղօրայքի պակաս: Քաղաքի բնակիչները կրնան սովի մատնուիլ, ուստի վտանգուած է քաղաքացիներուն, որոնց կարգին հայութեան ֆիզիքական գոյութիւնը:
Նախարարը դիմած է Թրայան Հրիսթէային` խնդրելով բարձրացնել Հալէպի շրջափակման վերացման, երկրին մէջ կայունութեան հաստատման հարցերը, ինչպէս նաեւ` մարդասիրական օգնութիւնը Սուրիոյ խաղաղ բնակչութեան հասցնելու անհրաժեշտութիւնը Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներուն եւ միջազգային կառոյցներուն առջեւ:
Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան ղեկավարը իր կարեկցանքը յայտնած է ստեղծուած իրավիճակին վերաբերեալ եւ պատրաստակամութիւն յայտնած է նշեալ խնդիրները արծարծելու համապատասխան մարմիններուն մէջ:







All the contents on this site are copyrighted ©.