2013-07-19 10:49:45

Միջին Արեւելքէն Երիտասարդները Կը Մասնակցին Րիօյի ՃՄՃ-ին


Շնորհիւ ''Տառապեալ Եկեղեցւոյ Օգնութիւն'' Քահանայապետական Բարեսիրական Հիմնարկին։

Միջին Արեւելքի մէջ գտնուող աղքատ եկեղեցիներու պատկանող բազմաթիւ երիտասարդներ, առիթը կ՜ունենան մասնակցելու Պրազիլի 2013-ի երիտասարդութեան համաշխարհային հաւաքին շնորհիւ ''Տառապեալ Եկեղեցւոյ Օգնութիւն'' Քահանայապետական Բարեսիրական հիմնարկի օժանդակութեան որ վերոյիշեալ երիտասարդներուն տրամադրած է 220 հազար եւրօ։
Քահանայապետական Հիմնարկի հրատարակած հաղորդագրութիւնը կը յայտնէ որ հարիւրաւոր երիտասարդներ, Եգիոպտոսէն, Իրաքէն, լիբանանէն, Յորդանանէն եւ պաղեստինէն կարելիութիւնը պիտի ունենան Րիօ Տէ Ժանէյրօյի մէջ իրենց տարեկիցներուն հետ միասին բաժնեկցելու հաւատքի եւ ուրախութեան օրերը։ Յայտնենք որ վերոյիշեալ Համաշխարհային հաւաքին Գերապայծառ Ռաֆայել Մինասաենի ջանքերով կը մասնակցին նաեւ Հայաստանէն 15 երիտասարդներէ բաղկացած խումբ մը։







All the contents on this site are copyrighted ©.