2013-07-19 11:14:10

Ափրիկէի Քրիստոնեայ Գործարարներու Միջազգային Միութեան Անդրանիկ Հաւաքը։


Ափրիկէի քրիստոնեայ գործարարներու միջազգային միութիւնը իր առաջին ժողովը գումարեց Գամերունի Եաունտէ մայրաքաղաքին մէջ 10-14 յուլիս։ Հաւաքի աւարտին ժողովականները միացեալ յայտարարութիւն մը կատարած են մատնանշելով տնտեսական յոռի կառավարումի մասին։ Ժողովականներուն համար կ'ապրինք աշխարի մը մէջ ուր նիւթապաշտութեան ու շահամոլութեան հետեւանքով գործատէրերու ընկերային պատասխանատուութիւնը կը դառնայ հրամայական պարտականութիւն մը։ Աշխատանքի նպատակը պէտք չէ միջոց մը դառնայ շատ շահելու այլ ծառայութիւն մատուցանելու համայն ընկերութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.