2013-07-18 12:24:56

Հայերը Պիտի Շարունակեն Տիգրանակերտի Մէջ 173 Հայապատկան Գոյքեր Վերադարձնելու Աշխատանքը


ԵՐԵՒԱՆ, «Ակունք».- Հայերու պատկանող 17 անշարժ գոյքեր Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ հիմնադրամին վերադարձնելէ ետք, աշխատանքը կը շարունակուի 173 այլ անշարժ գոյքեր վերադարձնելու կապակցութեամբ, որովհետեւ անոնց պատկանելիութեան մասին փաստաթուղթեր յայտնաբերուած են Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ մէջ:
«Եկեղեցւոյ վերանորոգութեան ընթացքին յայտնաբերուած փաստաթուղթերուն մէջ առկայ վկայութիւնները հին են եւ անբաւարար», յայտնած են Թուրքիոյ Վագըֆներու ընդհանուր տնօրէնութենէն՝ մերժելով վերադարձնել զանոնք:
Տիարպեքիրի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ Թաղային խորհուրդի ատենապետ Վարդգէս Էրկիւն Այըք կը յայտնէ, թէ «վերադրձուած» կալուածներէն ոմանք այժմ գրաւուած են, որովհետեւ անոնց վրայ կան ապօրինի շինութիւններ: Ան կը նշէ, թէ փաստաթուղթերուն մէջ առկայ կառոյցներուն ճշգրիտ տեղը որոշելը դժուար է: «Հին փաստաթուղթերուն մէջ գրուած է, օրինակ՝ «Գրիգորի տան մօտ», «Սարգսեանի հողամասին ետեւը գտնուող Ահմետի տան դիմացի տունը» կամ նման այլ բացատրութիւններ», ըսած է ան:
Ի դէպ, հայապատկան տարածքներուն մէջ իրականացուած կառուցապատումները մեծամասնութեամբ ապօրինի են, իսկ անոնց ներկայ տէրերը կեղծ փաստաթուղթեր ունին:







All the contents on this site are copyrighted ©.