2013-07-18 12:23:36

Հալէպի Հոգեւորականներ Կ'աշխատին Ամոքել Ժողովուրդին Տառապանքը Ու Յոյս Ներշնչել Անոնց։


''Եկեղեցիներու ու ժողովրդապետութիւններու մէջ անչափահասներուն համար դասաւանդութիւններ։''

Հալէպ քաղաքը կը շարունակէ պաշարուած մնալ ահաբեկիչ եւ ընդդիմադիր խումբերէն եւ հակառակ ողբերգական կացութեան հոգեւորականները կ'աշխատին նիւթական թէ հոգեւոր դրական օգնութիւններ հայթայթել բնակչութեան։ Հակառակ դժուար կացութեան, եկեղեցականները կ'աշխատին յոյս տալ բնակչութեան։ Եկեղեցիները ու ժողովրդապետութիւնները դարձած են հանդիպումի, ապաստանի եւ ուսմունքի վայրեր։ Եկեղեցականները կը կազմակերպեն զանազան նիւթերով դասընթացքներ, իսկ օգոստոս ամսոյն մէջ, նախատեսուած են հոգեւոր կրթութիւններ որպէսզի մարդիկը աւելի մօտ ըլլան Աստուծոյ եւ զգան Անոր հայրական ներկայութիւնը։ Միայն Տէրը կարող է յուզել սրտերը, ամրապնդել հաւատքը ու ներշնչել յոյսը։








All the contents on this site are copyrighted ©.