2013-07-18 10:18:54

Երիտասարդութեան Համաշխարհային Օրերու Պաշտօնական Աղօթքը։


Հա՛յր, ուղարկեցիր քու յաւիտենական Որդիդ, աշխարհը փրկելու համար, եւ ընտրեցիր այրեր ու կիներ, որպէսզի իրեն համար, իր հետը եւ իրմով հռչակեն Աւետարանը բոլոր ժողովուրդներուն։ Պարգեւէ' հարկաւոր շնորհքները, որպէսզի բոլոր երիտասարդներուն դիմագիծին վրայ ցոլայ ուրախութիւնը ըլլալու, սուրբ Հոգիին զօրութեան միջոցաւ, ա՛յն աւետարանիչները զորս Եկեղեցին պէտք ունի երրորդ հազարամեակին համար։


Քրիստոս, մարդկութեան փրկիչը, Գորգովատոյի գագաթը բազկատարած արձանդ կ'ընդունի բոլոր անձերը։ Սուրբ Զատկուայ քու զոհաբերումովդ, սուրբ Հոգիին միջոցաւ, մեզ առաջնորդեցիր Հօր հետ որդիական հանդիպումին։ Երիտասարդները, որոնք սուրբ Հաղորդութեամբ կը սնանին, քեզի կ'անսան Խօսքին ընդմէջէն ու եղբօրը մէջ քեզի կը հանդիպին, կարիքն ունին քու անհուն ողորմութեանդ, որպէսզի կարենան ընթանալ աշխարհի ճանապարհներուն վրայ՝ որպէս նոր աւետարանացումի աշակերտ-առաքեալներ։

Սուրբ Հոգի, Սէրը Հօր եւ Որդիին, քու Ճշմարտութեանդ սքանչելիքով ու սիրոյդ հուրով, սփռէ քու Լոյսդ բոլոր երիտասարդներուն վրայ, որպէսզի քաջալերուած երիտասարդութեան համաշխարհային օրէն, աշխարհի չորս ծագերուն տանին հաւատքը, յոյսն ու սէրը, եւ դառնան կերտիչները կեանքի ու խաղաղութեան մշակոյթին, եւ ռահվիրաները՝ նոր աշխարհի մը։








All the contents on this site are copyrighted ©.