2013-07-18 12:24:21

Բրիտանական Թանգարանի «Հնագոյն Թուրքիա» Սրահը Դարձաւ «Անատոլիա, Ուրարտու»


Եւրոպայի Հայկական Միութիւններու Ֆորումի մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ.
ԵՀՄՖ նախագահութիւնը եւ անձամբ ֆորումի նախագահ դոկ. Աշոտ Գրիգորեան, իրենց շնորհակալութեան խօսքը ուղղած են Լոնտոնի British Museum-ի տնօրինութեան` ԵՀՄՖ-ի նամակին պատասխանելու եւ բողոքին արձագանգելու կապակցութեամբ: British Museum-ի ղեկավարութիւնը, արձագանգելով ԵՀՄՖ-ի` իրեն ուղղուած բողոքներուն, փոխած է Բրիտանական թանգարանի # 54 սրահի «հնագոյն Թուրքիա» անուանումը նոր «անատոլիա, Ուրարտու» անուամբ:
Այս անուանումը ԵՀՄՖ-ն կը համարէ համեմատաբար ընդունելի, հակառակ անոր,որ իդէալական տարբերակը կ’ըլլար «հայկական լեռնաշխարհ, Ուրարտու» անուանումը: ԵՀՄՖ-ն պիտի շարունակէ բանակցութիւնները Բրիտանական թանգարանի մասնագէտներուն հետ կա՛մ առանձին սրահ` «հնագոյն Հայաստան, Ուրարտու» վերնագրով ստեղծելու, եւ կա՛մ «հայկական լեռնաշխարհ, Ուրարտու» սրահը վերանուանելու առնչութեամբ:
ԵՀՄՖ-ն իր գոհունակութիւնը եւ շնորհակալութիւնը կը յայտնէ բոլոր այն անձանց եւ կազմակերպութիւններուն, որոնք սրտցաւ վերաբերում ցուցաբերեցին ԵՀՄՖ-ի կողմէ զանգուածաբար սկսած այս պայքարին, եւ յատկապէս անոնց, ովքեր մասնակցութիւն ունեցան, մասնաւորապէս խօսքը «վերականգնենք պատմական ճշմարտութիւնը Լոնտոնի Բրիտանական թանգարանի մէջ» ֆեյսբուքեան խումբի անդամներու եւ կազմակերպիչ Գայիանէ Գէորգեանի սրտացաւ մասնակցութեան, ինչպէս նաեւ ստորագրահաւաքի կազմակերպիչներու եւ ստորագրահաւաքի բոլոր մասնակիցներուն:
ԵՀՄՖ-ի նախագահութիւնը իր տարակուսանքը կը յայտնէ պետական այն կազմակերպութիւններու պահուածքի շուրջ, որոնք կոչուած են պետութեան նիւթական աջակցութիւնը վայելելու դիմաց նաեւ իրենց պարտականութիւնները կատարելու, սակայն ծիծաղելիութեան աստիճանի անտարբերութիւն ցուցաբերեցին եւ կողքէն հետեւեցան մեր պայքարին:
Մասնաւորապէս վրդովում կը յառաջացնէ Մշակոյթի նախարարութեան եւ Պատմութեան հիմնարկի ղեկավարութեան ոչ գործուն կեցուածքը: Ինչեւէ մենք կը տօնենք փոքրիկ յաղթանակ, եւ կը յայտարարենք, որ համանման պայքար պիտի մղենք բոլոր այն միջազգային կեղծարարներուն դէմ, որոնք գիտակցօրէն կամ անգիտակից թերացած են Հայոց Պատմութիւնը եւ մշակոյթը ներկայացնելու համար: Համոզուած ենք, որ եւ՛ մեզ հետ համագործակցող հասարակական կազմկերպութիւնները, եւ՛ մեր ֆեյսպուքեան գործընկերները զէնքը վայր չեն դներ, եւ առաւել ոգեւորութեամբ պիտի շարունակեն մեր համագործակցութիւնը յանուն մեր Ազգի անհաւատալի մեծ եւ ծաւալուն մշակոյթի ու պատմութեան պահպանման եւ քարոզչութեան:







All the contents on this site are copyrighted ©.