2013-07-17 10:17:00

Եգիպտոսի Նախագահութիւնը Կը Մերժէ Եգիպտական Ներքին Հարցերուն Թրքական Միջամտութիւնը


Եգիպտոսի ժամանակաւոր նախագահի մամլոյ խորհրդական Ահմետ Մուսլումանի յայտարարեց, որ նախագահութիւնը իր յայտարարած հաշտութեան ջանքերուն ծիրին մէջ սկսած է բոլոր կողմերուն հետ կապ հաստատել` համաձայնութեան գոյացման եւ յաջորդ հանգրուան անցնելու համար»:
Ան յայտնեց, որ նախագահութիւնը կը մերժէ 30 յունիսին Եգիպտոսի մէջ տեղի ունեցածին շուրջ Թուրքիոյ յայտարարութիւնները եւ զայն «եգիպտական ներքին հարցերուն մերժելի միջամտութիւն մը» կը նկատէ:
Մուսլումանի Եգիպտոսի նախագահական պալատին մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին նշեց, որ «Եգիպտոս Թուրքիոյ իշխող վարչակարգին դէմ Թաքսիմ հրապարակին վրայ տեղի ունեցած ցոյցերուն չմիջամտեց, ուստի Թուրքիա եւս պէտք չէ Եգիպտոսի հարցերուն միջամտէ»:
«Սի.Էն.Էն.»-ի` Իսլամ եղբայրներու տեսակէտներուն յարելուն մասին հարցումի մը պատասխանելով ան ըսաւ, որ «Սի.Էն.Էն.» լրատուական մեծ կայան մըն է, սակայն Եգիպտոսի համար պզտիկ է, որովհետեւ եգիպտացի ժողովուրդին վրայ անոր ազդեցութիւնը սահմանափակ է»:
Մուսլումանի ըսաւ, որ ինք եւ նախագահին քաղաքական խորհրդականը կապ կը հաստատեն եգիպտական քաղաքական ուժերուն հետ, ներառեալ` Իսլամ եղբայրներուն եւ իսլամական հոսանքին», եւ հաշտութեան ջանքերուն ու անոնց մասնակցելու վերաբերեալ իսլամ հոսանքի անդամներու մեծամասնութենէն պատասխանի կը սպասէ:
Եգիպտոսի ժամանակաւոր նախագահին խորհրդականը ըսաւ, որ 30 յունիսէն ի վեր, երբ ժողովուրդը նախկին նախագահ Մոհամետ Մուրսիի վարչակարգը տապալելու համար բողոքի ցոյցի դուրս եկաւ, Եգիպտոսի վրայ ճնշումներ կը բանեցուին` վստահեցնելով, որ որեւէ պետութիւն, որ թշնամիներ ունի, այդ թշնամիները կը փորձեն անոր երթը խանգարել:
Թուրքիոյ վարչապետարանէն աղբիւր մը թրքական «Զաման» օրաթերթին հերքեց, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան մերժած է Եգիպտոսի փոխնախագահ Մոհամետ Պարատէյիի իրեն հետ հանդիպելու դիմումը` յայտնելով, որ «մենք այդպիսի տեղեկութիւններ չունինք»:







All the contents on this site are copyrighted ©.