2013-07-16 09:11:57

Հոգեհանգստեան Ս. Պատարագ Այնճարի Մէջ


Ամենապատիւ եւ գերերջանիկ Տ. Տ. Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց կաթողիկոս պատրիարքը, Մխիթարեան Միաբանութիւնը եւ լուսահոգի Վարդան Եպս Աշգարեան գերապայծառի ընտանեկան պարագաները կը յայտնեն թէ՝ երջանկայիշատակ Եպիսկոպոս Աշգարեանի ՝ (Պէյրութի պատրարիաքկան թեմի վաստակաւոր փոխանորդի) մահուան Ա. տարելիցին առթիւ, 28 յուլիսին՝ առաւօտեան ժամը 10.30-ին, Այնճարի ՜՜ Ս. Վարդարանի Տիրամօր՝՝ նուիրուած եկեղեցւոյ մէջ, Ս. Պատարագ եւ հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի որուն պիտի յաջորդէ լուսահոգի գերապայծառին դամբարանին օրհնութիւնը։
Յաւարտ Սրբազան արարողութեանց ցաւակցութիւններ պիտի ընդունուին ՜՜Աղաճանեան՝՝ սրահին մէջ (Այնճար) ։







All the contents on this site are copyrighted ©.