2013-07-16 09:03:59

Արցախի Տիգրանակերտը Գերած է Օտարերկրեայ Զբօսաշրջիկները


Արցախի Հանրապետութեան մէջ վերջին շրջանին կատարուած պեղումներու արդիւնքով յայտնաբերուած Տիգրանակերտ քաղաքը դարձած է Արցախ ժամանած զբօսաշրջիկներու ամենասիրելի վայրերէն մէկը: Այս մասին կը յայտնէ Armenpress-ը։
Աղբիւրին համաձայն վերջին շրջանին օտարերկրեայ զբօսաշրջիկները շատ կը ցանկան տեսնել Տիգրանակերտ պեղումնավայրը: “Մենք շատ մեծ սիրով նրանց տանում ենք այնտեղ, քանի որ ճանապարհները լաւն են, իսկ պեղումները` չափազանց հետաքրքիր ու գրաւող”,- orըսած է “Գանձասար Թուր” զբօսաշրջային գործակալութիւնը:
Հինգ գործակալութիւններու հետ հարցման արդիւնքով պարզուած է, որ, Տիգրանակերտէն բացի, Արցախի յիշարժան ու տեսարժան վայրերէն են Շուշին, Ստեփանակերտն ու Գանձասարը: Ինչպէս նշեց “Հիւր սըրվիս”-ի կառավարիչը, հակառակ անոր, որ դէպի Արցախ ճանապարհորդութիւնը կ’ամփոփուի մէկ փաթեթի մէջ, այնուամենայնիւ, զբօսաշրջիկները կը նշեն, որ ամէնէն հետաքրքրական այդ վայրերն էին: Իսկ “Գանձասար թուր”-ի կառավարաչը նշեց, որ, այդ վայրերէն բացի, իրենց դիմած զբօսաշրջիկները շատ մեծ ցանկութիւն ունին տեսնելու նաեւ Դադիվանքը, սակայն վատ ճանապարհներու պատճառով չեն կրնար բաւարարել անոնց ցանկութիւնը:







All the contents on this site are copyrighted ©.