2013-07-16 11:13:22

6500 Լրագրողներ Կը Պատրաստուին Հետեւելու Երիտասարդութեան Համաշխարհային Օրերու Տօնակատարութիւններուն։


Ըստ Լատին ամերիկայի ''Աչիպրընսա'' լրատու գործակալութեան, յառաջիկայ 21- 28 յուլիս, Պրազիլի Րիօ Տէ Ժանէյրօյի մէջ կայանալիք երիտասարդութեան համաշխարհային հաւաքին, մինչեւ օրըս գրանցուած են աւելի քան 5500 լրատուական միջոցներու ներկայացուցիչներ որոնց շարքին 2000-ը միջազգային մամուլի անդամ։ Այս առաջին անգամն է որ լրագրողներու թիւը կը գերազանցէ 5000-ի ներկայութիւնը որ կը համապատասխանէ Մատրիտի մէջ նշուած վերջին երիտասարդութեան համաշխարհային օրուան լրագրողներու մասնակցութեան։
Յայտնենք որ Պրազիլի ճամբորդութեան թռիչքի վրայ, Սրբազան Քահանայապետի հետ պիտի ճամբորդեն 75 լրագրողներ։







All the contents on this site are copyrighted ©.