2013-07-15 12:42:07

Վատիկանը Պատւոյ Հիւր Թորինօ Քաղաքի 2014-ի Գիրքի Ցուցահանդէսին։



''Բարեպատեհ առիթ մը ցուցադրելու վատիկանեան հրատարակութիւնները։''

Թորինօ քաղաքը պաշտօնապէս հրաւիրած է Վատիկան պետութիւնը մասնակցելու 2014-ի գիրքի ցուցահանդէսին, որ տեղի պիտի ունենայ 8-12 մայիս 2014, կը հաղորդագրէ Օսսերվաթորէ Ռոմանօ Վատիկանի կիսապաշտօն օրաթերթը։ Մշակոյթի քահանայապետական խորհուրդի նախագահը` կարտինալ Ռավազի յայտնած է թէ Վատիկանի համար ասիկա պիտի հանդիդսանայ բարեպատեհ առիթ մը ցուցադրելու իր բոլոր հրատարակութիւնները, թանգրանանէն սկսեալ մինչեւ անոր դիւանը անցնելով Առաքելական Մատենադարանէն ու մշակոյթի այլազան կեդրոններէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.