2013-07-15 10:16:05

«Երիտասարդութիւնը Պէտք Է Բարձրացնէ Իր Ձայնը Եւ Պահանջէ Կառավարութեան Կազմութիւնը» Շեշտեց Ռայի Պատրիարքը


Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Հարիսայի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան պատարագին, որուն ընթացքին լիբանանցի երիտասարդներէն պահանջեց բարձրացնել իրենց ձայնը եւ պահանջել կառավարութեան կազմութիւնը, ինչպէս նաեւ պահանջել հաշտութեան եւ սրտերու լուացումի երկխօսութիւն մը:
Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ Լիբանան կարիքը ունի երիտասարդութեան ձայնին` տարածելու համար չափաւորականութիւնը, զօրակցելու համար լիբանանեան պետական զինեալ ուժերուն, ինչպէս նաեւ ընդդիմանալու ապօրինի զէնքի գոյութեան, որովհետեւ այդ զէնքին գոյութիւնը պատճառ կը դառնայ այլ ապօրինի զէնքերու գոյութեան:







All the contents on this site are copyrighted ©.