2013-07-15 10:11:46

«Արաբ Բարեկամներու» Խնդրանքով. Փաքիստանի Թալեպանները Սուրիոյ Կռիւին Կը Միանան


«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը երէկ հաղորդեց, որ Փաքիստանի թալեպանները, Քայիտայի կեդրոնական ղեկավարութեան հետ կապերը ամրապնդելու ձգտող ռազմավարութեան մը ծիրին մէջ, Սուրիոյ մէջ զօրանոցներ հաստատած են եւ հարիւրաւոր զինեալներ ուղարկած` զինեալ ընդդիմութեան կողքին կռուելով Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը տապալելու համար:
«Ռոյթըրզ» կը նշէ, որ Փաքիստանի մէջ թալեպաններու ղեկավարները յայտարարած են, որ իրենք որոշած են Սուրիոյ ճակատումին միանալ` յայտնելով, որ թալեպան հարիւրաւոր զինեալներ Սուրիա ուղղուած են` «իրենց ժիհատական եղբայրներուն» կողքին կռուելու համար:
Անոնք աւելցուցած են, որ մօտ օրէն իրենց յաղթանակները ցուցադրող ժապաւէններ պիտի հրապարակեն:
Թալեպան ղեկավար մը նշած է, որ զինեալներ Սուրիա ուղարկելու որոշումը որդեգրուած է «արաբ բարեկամներու» խնդրանքով` նշելով, որ «քանի մեր արաբ եղբայրները հոս եկան օժանդակութիւն խնդրելու, մենք անոնցմէ իւրաքանչիւրին իր երկրին մէջ օժանդակելու ստիպուած ենք… եւ Սուրիոյ մէջ այդ է, որ կատարեցինք»:
«Սուրիոյ մէջ մեր զօրանոցները հաստատեցինք: Մեր զինեալներէն ոմանք երկրէն դուրս կու գան, ապա կը վերադառնան` որոշ ժամանակ այդտեղ կռիւներուն մասնակցելէ ետք», նշած է աղբիւրը:
Միւս կողմէ, սուրիական «Իխպարիա» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ սուրիական բանակը Դամասկոսի Ժոպար թաղամասին մէջ «քիմիական թունաւոր նիւթերու պատրաստութեան եւ ամբարման ահաբեկիչներուն պատկանող պահեստանոց մը գրաւած է»` նշելով, որ անոր մէջ քիմիական քլոր նիւթը գտած է:







All the contents on this site are copyrighted ©.