2013-07-14 09:51:17

Աշխարհի Բնակչութեան Թիւը 21-րդ Դարու Վերջը Պիտի Կազմէ Մօտ 11 Միլիառ Մարդ


Աշխարհի բնակչութեան թիւը 2100 թուականին պիտի կազմէ մօտ 11 միլիառ մարդ, որ մօտ 8%-ով` 800 միլիոնով աւելի է, քան կախատեսած են ՄԱԿ-ի փորձագէտները 2011-ին: Այս մասին կը հաղորդէ parmenian.net-ը՝ յղում կատարելով Ուաշինկթընի համալսարանի փորձագէտներու համապատասխան զեկոյցին:
Աղբիւրը կը տեղեկացնէ, որ Ուաշինկթընի համալսարանի տուեալներով` աշխարհի մէջ բնակչութեան թիւի աճը պայմանաւորուած է Ափրիկէի ծնելիութեան աճով:
«Ափրիկէի մէջ ծնելիութեան անկումը դանդաղած է կամ կանգ առած է աւելի երկար ժամանակով, քան մենք կը կանխատեսէինք նախապէս: Այդ տարածաշրջանին մէջ բնակչութեան թիւը պիտի աճի»,- նշուած է Ուաշինկթընի համալսարանի զեկոյցին մէջ:
Ներկայիս Ափրիկէի բնակչութիւնը կը կազմէ 1,1 միլիառ մարդ, եւ կը սպասէ, որ 2100 թուականին ան կը հասնի 4,2 միլիառ: Ինչ կը վերաբերի միւս աշխարհամասերուն, ապա կը սպասուի աննշան փոփոխութիւններ: Եւրոպայի բնակչութեան թիւը կրնայ նուազիլ, քանի որ ծնելիութիւնը առաջուան պէս կը շարունակուի բնակչութեան վերարտադրութեան համար պահանջուող մակարդակէն ցած մնալ: Այլ պետութիւններու բնակչութեան թիւը կրնայ քիչ մը աւելնալ` պայմանաւորուած կեանքի տեւողութեան աճով:
«Այս տուեալները ցոյց կու տան, որ անհրաժեշտ է վերանայիլ ընտանիքներու ծրագրաւորման քաղաքականութիւնը եւ աղջիկներու համար կրթութեան մատչելիութիւնը, որպէսզի հնարաւոր ըլլայ լուծել Ափրիկէի մէջ բնակչութեան արագ աճի խնդիրը»,-նշած է Ուաշինկթընի համալսարանի վիճակագրութեան եւ ընկերաբանութեան փրոֆէսոր Ատրիըն Ռեֆթըրին:
Նշենք, որ 2011-ին աշխարհի բնակչութեան թիւը կազմած է մօտ 7 միլիառ մարդ, իսկ 1999-ին եղած է մօտ 6 միլիառ:








All the contents on this site are copyrighted ©.