2013-07-13 10:20:56

Սրբազան Քահանայապետը Պրազիլի Մէջ Բացումը Կը Կատարէ Թմրամոլներու Յատկացուած Հիւանդանոցի Մը։


Երիտասարդութեան համաշխարհային օրուան առթիւ Պրազիլ կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան ընթացքին` ֆրանչիսկոս Քահանայապետը մտադիր է բացումը կատարել թմրամոլներու համար բացուելիք բուժարանին։ Ընդառաջելով ''ս. ֆրանչիսկոս Ասիզացիի'' նուիրուած բուժարանի տնօրէնի հրաւէրին, Սրբազան Հայրը, անմիջապէս պատասխանած է. ''կ'ուզեմ երթալ''։
Արդարեւ Ան` 24 յուլիսին, 4 յարկանի բուժարանը պիտի օրհնէ, ընկերակցութեամբ Ռիօ Տէ Ժանէյրոյի առաջնորդին։ Նորին Սրբութիւնը ապա խօսք մը պիտի ուղղէ շուրջ 500 ներկաներուն ու աղօթք պիտի կատարէ բուժարանի մատրան մէջ ախտաւորներուն, հիւանդներուն ու հիւանդանոցի անձնակազմին հետ։
Յայտնենք որ վերոյիշեալ բուաժարանի շինութեան համար Վատիկանը նուիրած էր 850 հազար Եւրօ։








All the contents on this site are copyrighted ©.