Մէկ Միլիոն Տոլարի Առողջապահական Օժանդակութիւն՝ Հայաստանին
Հայ բժիշկներու 11-րդ համաշխարհային համագումարին ծիրէն ներս Շաբաթ, Յուլիս 6-ին, կայացած
ճաշկերոյթին ընթացքին, առողջապահական «Փրայմ Հելթքեր Մենեճմընթ» ընկերութեան հիւանդանոցային
բաժանմունքի տնօրէն Մայք Սարեան յայտարարեց, թէ ընկերութիւնը որոշած է մէկ միլիոն տոլարի
առողջապահական օժանդակութիւն փոխադրել Հայաստան: Այս մասին կը հաղորդէ ԱՄՆ-ի «Ասպարէզ»
օրաթերթը: «Փրայմ Հելթքեր Մենեճմընթ»-ը նաեւ «Ոսկի» մակարդակի հովանաւոր մըն է Հայ
բժիշկներու 11-րդ համաշխարհային համագումարին: